Ապու Ղայտա Հարցաքննութեան Կանչեց Միլետ Քֆուրին` Իբրեւ Վկայ
Նախկին նախարար Միշել Սըմահայի դատական գործառնութիւնը շարունակելու շրջագիծին մէջ, Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտա յառաջիկայ 28 յունուարին հարցաքննութեան կանչեց Միլետ Քֆուրին` իբրեւ վկայ:
Ապու Ղայտա պահանջեց նաեւ տեղեակ պահել ամբաստանեալներ գնդապետ Ալի Մեմլուքն ու գնդապետ Ատնանը, թէ իրենց դատավարութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 4 փետրուարին:
Նշենք, որ անպաշտօն տեղեկութիւններուն համաձայն, Միլետ Քֆուրի նշմարուած է հիւսիսային Մեթնի Այն Սաատէ շրջանին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

