Պրիթելի Մէջ Բանակին Փամփուշտով Կը Սպաննուի Յանցագործ Մը

Բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակին ջոկատներէն մէկուն կողմէ Պրիթելի մէջ յանցագործներ ձերբակալելու նպատակով գործուած ներխուժումներուն ընթացքին, յանցագործներուն եւ բանակին միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրուած են:

Ըստ հաղորդագրութեան, բանակին դէմ կրակած են Քասեմ Ահմետ Թլայս, Մոհամետ Թլայս եւ երրորդ անձ մը, որ սուրիական քաղաքացիութիւն կը կրէր:

Իր կարգին, բանակը անոնց դէմ կրակ բացած է եւ բանակին փամփուշտով սպաննուած է Քասեմ Թլայս, իսկ Մոհամետ Թլայս եւ սուրիացի անձը վիրաւորուած են:

Վիրաւորները յանձնուած են համապատասխան դատական իշխանութիւններուն:

Share this Article
CATEGORIES