Նախագահ Սլէյման Շարպելի Եւ Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քաթար Իրենց Կատարելիք Այցելութեան Մանրամասնութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հերթաբար ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելն ու ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որոնց հետ քննարկեց Քաթար կատարելիք իրենց այցելութեան մանրամասնութիւնները, որոնք կը վերաբերին Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց երեսփոխան Մարուան Ֆարես, որ նախագահին հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օրինագիծերուն կապուած հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի: Հանդիպումին ընթացքին Մաթար եպիսկոպոս նախագահին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Մար Մարոնի տօնին առիթով յառաջիկայ 9 փետրուարին տեղի ունենալիք պատարագին:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Միխայել Տահեր: Քննարկուեցան ընտրական օրինագիծերը եւ անոնց` երկրին սահմանադրութեան պատշաճեցուելու կարեւորութիւնը:


