Գասպարով Կարմիր Քարտ Մը Ստացաւ
ArmFootball.com լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Գէորգ Գասպարով Իրանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն կարմիր քարտ մը ստացաւ, երբ անոր կազմը` Զոպ Ահան, իր դաշտէն դուրս 4-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սպահանէն:
Գասպարով, որ դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմին հետ, 88-րդ վայրկեանին ստացաւ իր կարմիր քարտը:
Զոպ Ահան, որ այժմ 18 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը, իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ Գոհար Զակրոսի հետ, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան:
CATEGORIES Մարզական

