Քաթալոնիական Մամուլը Կը Ծաղրէ Ռէալ Մատրիտը

Ռէալ Մատրիտի հերթական սայթաքումը` «Լա լիկա»-ի մրցումներուն, առիթ տուած է քաթալոնիական մամուլին ծաղրելու մայրաքաղաքի կազմը, կը յայտնէ ArmFootball.com լրատուական կայքէջը:

«Սփորթ» օրաթերթը կ՛ըսէ. «Այդքա՞ն թուլցած էք: Առանց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Ռէալ Մատրիտ նոյնիսկ չի կրնար իր մրցակիցին բերդին հարուածել: Անիկա այժմ «Լա լիկա»-ի մէջ գրեթէ հաւասար է մնացեալ խումբերուն: Պարսելոնան ամբողջութեամբ այլ ուղղութեամբ կը գտնուի»:

Իսկ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը գրէ. «Ռէալ Մատրիտն ու անոր մարզիչը` Ժոզէ Մուրինիօ, կը գտնուին փոսին մէջ: Առանց Ռոնալտոյի խումբը ոչ մէկ տեսակի յստակ խաղաոճ ունի»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )