Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. Տիգրան Լ. Պետրոսեան Առանձնացաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Տիգրան Լ. Պետրոսեան

Հայաստանի ճատրակի տղոց ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ, կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը:

Հայաստանի ախոյեանը յաղթելէ ետք Ռոպերթ Աղասարեանին կէտերու իր հաշիւը բարձրացուց երեքի:

Ռոպերթ Յովհաննիսեան յաղթեց Արման Փաշիկեանին, իսկ Յովիկ Կարապետեան` Հրանդ Մելքումեանին, Սամուէլ Տէր Սահակեան – Աւետիք Գրիգորեան եւ Զաւէն Անդրէասեան – Տիգրան Քոթանճեան հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:

Այսօր, 4-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.

Զաւէն Անդրէասեան – Աւետիք Գրիգորեան
Հրանդ Մելքումեան – Սամուէլ Տէր Սահակեան
Արման Փաշիկեան – Յովիկ Հայրապետեան
Ռոպերթ Աղասարեան – Ռոպերթ Յովհաննիսեան
Տիգրան Քոթանճեան – Տիգրան Լ. Պետրոսեան

 

Share this Article
CATEGORIES