Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Այս տարի իր գումարած առաջին ժողովին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ:

Առաջադրուեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի անունը յառաջիկայ 12 մարտ 2013-ին Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան) տեղի ունենալիք Ասիոյ ֆետերասիոնին ընտրութիւններուն:

Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ 26 յունուար 2013-ին տեղի ունենալիք Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն, դարձեալ առաջադրուեցաւ Վաչէ Ծատուրեանի անունը:

Որոշուեցաւ երեքշաբթի, 15 յունուար 2013-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ կայացնել ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը` քննարկելու եւ վաւերացնելու համար օրակարգի վրայ գտնուող հարցերն ու նիւթերը:

Վերջապէս, որոշուեցաւ յատուկ երեկոյի մը ընթացքին կատարել 2007-2012 տարիներու տարբեր տեսակի ախոյեաններուն մրցանակաբաշխութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES