Ազրպէյճանի Մէջ Նախագահական Թեկնածուի Մը Դէմ Յարձակում Գործուած Է
Ազրպէյճանական kontakt.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ կիրակի օր Ազրպէյճանի հարաւը գտնուող Լենքորան քաղաքին մէջ յարձակում գործուած է ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան նախագահ Իսա Կամպարի դէմ:
Ան քաղաք այցելած էր, որպէսզի մասնակցի կուսակցութեան շրջանային կառոյցի ստեղծման 20-ամեակի նշման:
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, ամբոխ մը, որ քաղաքացիական հագուստով ոստիկաններու կողմէ կը կառավարուէր, յարձակած է Կամպարի ինքնաշարժին վրայ եւ սկսած սպառնալ զինք սպաննել, անոր ուղղութեամբ հաւկիթներ եւ իրեր նետել:
Ըստ կուսակցութեան անդամներուն, այս յարձակումը կապուած է այն իրողութեան, որ «Մուսաւաթ» աշխուժ կերպով կը մասնակցէր մէկ օր առաջ Պաքուի մէջ կազմակերպուած հակակառավարական ցոյցերուն:
Նշենք, որ Կամպար 4 յունուարին ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան կողմէ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնին թեկնածու առաջադրուած էր: