Նիւ Եորքի Մէջ Կրիփի Պատճառով Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ կրիփի համաճարակին պատճառով արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է:
Ժամանակաւորապէս պիտի դադրի գործել Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային օրէնքը, ըստ որուն, համապատասխան պատուաստումը կ՛արտօնուի միայն 18 տարեկանը լրացուցած քաղաքացիներուն: Այժմ պիտի պատուաստուին նաեւ 6-18 տարեկան քաղաքացիները:
Կրիփէն վարակուածներուն թիւը Նիւ Եորքի մէջ հասած է 20 հազարի: Այդ ցուցանիշը չորս անգամ աւելի բարձր է` բաղդատմամբ անցեալ տարուան:
Կրիփի համաճարակ արձանագրուած է Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 47-ին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային