«Վրաստան Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Պիտի Բարելաւէ Առանց Եւրոպայէն Հեռանալու» Կ՛ըսէ Փանճիքիծէ

Մայա Փանճիքիծէ

«Կրուզիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ Ռիկա կատարած իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Վրաստան կը ձգտի Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելու, սակայն Թիֆլիսի առաջնահերթութիւնը եւրատլանտեան համարկումը կը մնայ:

Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի օր Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարած էր, որ վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի երկիրը Արեւմուտքէն դէպի Ռուսիա կը տանի:

«Մենք կը փորձենք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւել, սակայն որեւէ դաշինքի կամ միութեան մէջ պիտի չհամարկուինք` բացի Եւրոպական Միութենէն եւ ՕԹԱՆ-էն», ըսած է վրացական դիւանագիտութեան պետը:

Ան նշած է, որ ինք ծանօթ է Վրաստանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ Արեւմուտքի մտավախութեան: Փանճիքիծէ կոչ ուղղած է իրավիճակին սրտայոյզ երանգներ չհաղորդելու եւ սպասելու հետաքննութեան արդիւնքներուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )