Ռուսական Դպրոցներուն Թոյլ Պիտի Տրուի Աշակերտները Հեռացնել Հարբեցողութեան Պատճառով
«Առ.պի.սի.ռու» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ կրթութեան նախարարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած է «Աշակերտները կարգապահական պատասխանատուութեան ենթարկելու կարգի հաստատման մասին» հրամանագիրի նախագիծը, որուն քննարկումին կրնան մասնակցիլ նաեւ քաղաքացիները:
Նշեալ փաստաթուղթը կը նախատեսէ անպատասխանատու աշակերտներուն վրայ ազդելու յատուկ միջոցներու կիրարկում: Փաստաթուղթը մասնաւորաբար դպրոցներուն կ՛արտօնէ խուլիկանները վտարել:
Միեւնոյն ժամանակ կան որոշ սահմանափակումներ: Օրէնքը խախտողները կարելի չէ վտարել, եթէ անոնք 15 տարեկանէն փոքր են:
Դպրոցէն վտարման պատճառ կրնայ դառնալ ոգելից ըմպելիի կամ թմրանիւթի ազդեցութեան տակ գտնուիլը, ուսումնական ծրագիրը չկատարելը եւ անբարոյ վարուելակերպը:
CATEGORIES Միջազգային

