Թեհրանի Մէջ Իրան Այսօր Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Բանակցութիւններուն Կը Վերսկսի
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ երէկ յայտարարեց, որ Իրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ բանակցութիւնները այսօր Թեհրանի մէջ կը վերսկսին:
Մեհմանփարասթ հերթական մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «գործակալութիւնը զինուորական Փարշին կեդրոնը երկու անգամ այցելեց եւ Թեհրան անոր բոլոր հարցումներուն պատասխանեց»:
Ան ըսաւ, որ «Իրանի հիւլէական ծրագիրի խորհրդաւորութեան մասին ամէն ինչ, որ գործակալութիւնը կ՛ըսէ, հիմնուած է ամերիկեան պնդումներու վրայ»` աւելցնելով, որ գործակալութիւնը մերժած է այդ պնդումներուն շուրջ որեւէ փաստ ներկայացնել:
CATEGORIES Միջազգային


