«Փարիզի Մէջ Երեք Քիւրտ Կիներու Սպանութեան Հարցը Պէտք Է Անմիջապէս Լուծուի, Որովհետեւ Ուրուային Ուժեր Գործի Լծուած Են» Կ՛ըսէ Օճալան
Իմրալի կղզիին վրայ բանտարկուած ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ իր եղբօր` Մեհմեթ Օճալանի հետ: Վերջինս յայտնեց, որ Օճալան կը դատապարտէ Փարիզի մէջ քիւրտ ականաւոր կին գործիչներու սպանութիւնը, դէպքէն մեծապէս վրդոված է եւ կը կարծէ, որ ատոր ծալքերը պէտք է անմիջապէս բացայայտուին:
Ապտիւլլա Օճալան սպանութիւնները «նշան մը» նկատած է: Ան ըսած է, որ «Փարիզի մէջ երեք քիւրտ կիներու սպանութեան հարցը պէտք է անմիջապէս լուծուի, որովհետեւ ուրուային ուժեր գործի լծուած են»:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ փոխվարչապետ, կառավարութեան բանբեր Պիւլենթ Արընչ երկուշաբթի գիշեր Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Փարիզի մէջ սպաննուած երեք քիւրտ կիներուն յուղարկաւորութիւնը պէտք չէ գրգռութեան վերածուի:
Արընչ ըսաւ, որ անոնց դիակները 20 կամ 21 յունուարին ուղղակի Տիգրանակերտ պիտի տարուին, եւ յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք իւրաքանչիւրը պիտի թաղուի իրենց ծննդավայրին մէջ` Թունչելի, Մարաշ եւ Մերսին:
Ան ըսաւ, որ բոլորը անոնց դիակներուն Թուրքիոյ մէջ թաղումը մարդասիրական անկիւնէ պէտք է դիտեն եւ բոլոր կողմերը պէտք է հաւանական գրգռութիւնները կանխարգիլեն: «Կրնան ըլլալ լուսանցքային կամ ոճրային կազմակերպութիւններ, որոնք կրնան փորձել յուղարկաւորութիւնը ցուցադրութեան կամ քարոզչութեան վերածել: Բոլորը ատոր պէտք է գիտակցին եւ այդպիսի փորձեր չարտօնեն: Այլապէս, մեր ապահովական ուժերը պիտի միջամտեն: Կը յուսանք, որ յուղարկաւորութիւններուն ընթացքին այդպիսի դէպքեր չպատահին»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա Փարիզի մէջ տեղի ունեցած սպանութեանց մասին որեւէ տեղեկութիւն ունի՞, Արընչ ըսաւ. «Թուրքիա այս դէպքին հետաքննութեան մասնակից չէ: Ֆրանսական իշխանութիւններն են, որոնք այս դէպքին շուրջ հետաքննութեան նախաձեռնած են: Անոնք, որոնք այս դէպքին պատասխանատու են, պէտք է բացայայտուին, եւ այդ դէպքին ծալքերուն վրայ լոյս պէտք է սփռուի, Թուրքիոյ պահանջածը այս է: Եթէ Ֆրանսա այս դէպքին շուրջ բացուած հետաքննութեան մէջ Թուրքիոյ օժանդակութեան կարիք ունի, մենք անմիջապէս որեւէ օժանդակութիւն պիտի տրամադրենք»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի առեւտուրի նախարար Նիքոլ Պրինք երէկ հասաւ Թուրքիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Թրքական օդանաւային ընկերութեան պաշտօնատարներուն հետ:
Ֆրանսական մամուլը հաղորդեց, որ Թրքական օդանաւային ընկերութիւնը մտադիր է գնել 150 օդանաւեր, որոնց մեծամասնութիւնը` «Էյ-380» տիպի, եւ Պրինք այսօր այդ ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Թեմել Քէօթիլի հետ:
Պրինք նաեւ հանդիպում պիտի ունենայ թրքական «Փեկասուս» օդանաւային ընկերութեան սեփականատէր Ալի Սապանճըի հետ, որուն ընկերութիւնը եւս կը ծրագրէ 75 «Էյ-320» տիպի ճամբորդատար օդանաւեր գնել:


