«Սուրիոյ Մէջ Հարցերը Պիտի Փոխուին, Որովհետեւ Վերջաւորութեան Ժողովուրդի Կամքն Է, Որ Պիտի Յաղթէ» Կ՛ըսէ Պըն Ժասեմ

Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի

Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը կայունութիւն եւ փոփոխութիւն կ՛ուզէ»` աւելցնելով, որ «մենք Արաբական լիկային մէջ որոշեցինք սուրիացի ժողովուրդին աջակցիլ եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն հրապարակաւ պահանջել իշխանութենէն հեռանալ, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը կարենայ իր ուզած անձը ընտրել, ինչպէս նաեւ ապագային անոր իշխելու կերպը ճշդել»:

Պըն Ժասեմ ըսաւ, որ «Արաբական լիկան Ասատէն եւ անոր ընկերներէն խնդրեց, որ իշխանութիւնը լքեն»:

«Հարցերը ի նպաստ սուրիացի ժողովուրդին պիտի փոխուին, որովհետեւ վերջաւորութեան ժողովուրդին կամքն է, որ պիտի յաղթէ», ըսաւ ան: Քաթարի իշխանութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց, որ Ռուսիան եւ արեւմտեան աշխարհը լուծումին մաս կազմեն:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ «Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի Թեհրան այցելութիւնը երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման ծիրին մէջ է»:

Ան շեշտեց, որ «Սուրիոյ ժողովուրդին պահանջները պէտք է հետապնդել երկխօսութեան եւ ժողովուրդին գերիշխանութիւնը յարգելու ճամբով»` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ խմբաւորումները այդ երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը կը խանգարեն»:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ յոյս ունին, որ պիտի յաջողին սուրիական ճգնաժամի յաղթահարման հարցին մէջ համաձայնութեան գալ Ռուսիոյ հետ:

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ուիլիըմ Պըրնզի, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ու Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրապիմիի միջեւ եռակողմ հանդիպումը:

Հալէպի համալսարանի աւերուած շէնքը

«Մենք կը կարծենք, որ պէտք է շարունակել հանդիպումները ռուսերուն հետ, նախ` Իպրահիմիի ծրագիրին աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ յոյս ունենալով, որ յառաջ շարժելու հարցին մէջ որոշում պիտի տրուի: Մենք յոյս ունինք, որ պիտի կարենանք մեր դիրքորոշումները համաձայնեցնել ապագային առնչուող քայլերուն հետ եւ դրական փոխադարձ գործակցութիւն պիտի ունենանք հետագայ դիպաշարերուն մէջ», նշած է Նուլընտ` աւելցնելով, որ ատոր համար ժամանակ կը պահանջուի:

Արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ՄԱԿ-ի մնայուն հինգ անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները 25 եւ 26 յունուարին Ապահովութեան խորհուրդին Իպրահիմիի  զեկուցումին ներկայացման ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենան:

Միւս կողմէ, ուժգին պայթում մը երէկ ցնցեց Հալէպի համալսարանի համակարգչային գիտութեան բաժանմունքը` պատճառելով 80 զոհ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES