Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար պատրաստակամութիւն յայտնեց Պէյրութ վերադառնալու, եթէ զինք պաշտպանելու բոլոր միջոցները ապահովուին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը ամէնէն աւելի առիթ ունի խորհրդարանին մէջ վաւերացուելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը համայնքային եւ յարանուանական յաւելեալ լարուածութիւն կը ստեղծէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ նշեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բոլորին առիթ կու տայ ընտրական օրինագիծին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը Լիբանանին կը վերադարձնէ իսկական համագործակցութիւնն ու հաւասարակշռութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի վերադարձաւ Պէյրութ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին ընդմէջէն կը փորձէ Լիբանանի մէջ թակարդներ լարել:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կան որոշ միտքեր եւ հասարակ յայտարարներ, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ ընտրական օրէնքի մը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ 1990-ական թուականներէն ի վեր կը գործադրուի քրիստոնեաներուն ձայնը ջնջող որոշում մը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները կը զօրակցին Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին, որովհետեւ այդ օրինագիծը մարոնի համայնքին երեսփոխաններուն թիւը կը բարելաւէ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին նկատմամբ ընդհանուր մտահոգութիւն մը կայ: Ան շեշտեց, որ քրիստոնեայ համայնքը պէտք չէ վարուի այնպէս մը, որ ինք շրջափակուած է:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառչած կը մնայ ընտրական այն օրինագիծին, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուած ու ներկայացուած է խորհրդարանին:

ԸՍՏ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, անծանօթ մը մուտք գործած է Փաղանգաւոր կուսակցութեան Էշրեֆիէի կեդրոնը, որուն մուտքին բախում ունեցած է պահակներէն մէկուն հետ եւ փախուստ տուած:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ներքին ապահովութեան ուժերուն մէկ պատասխանատուէն, շեշտեց, որ իրենք նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարին հարցով վկայ Միլետ Քֆուրին Զինուորական դատարան պիտի չփոխադրեն, որովհետեւ անոնք մտահոգ են, թէ ան կրնայ փորձանքներու հանդիպիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES