«Ուղղափառ Հանդիպումի Օրինագիծը Քննադատող Կողմերը Շինիչ Այլընտրանք Մը Չունին» Ըսաւ Իպրահիմ Քանաան
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ Ուղղափառ հանդիպումի ընտրական օրինագիծին իր զօրակցութեան:
Ան նշեց, որ համախմբումը կը նկատէ, թէ Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը շինիչ այլընտրանք մը չունի: Իր խօսքը ուղղելով Ուղղափառ հանդիպումին օրինագիծը մերժող կողմերուն` Քանաան հարց տուաւ, թէ իսկական հաւասարութիւն ապահովող առաջարկը ի՞նչ է:
Քանաան յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած առաջարկը տակաւին իսկական հաւասարութիւն կ՛ապահովէ: «Մենք` իբրեւ պատասխանատուներ, պէտք է երկրին սահմանադրութիւնը յարգենք», ըսաւ ան:
Քանաան կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նուազագոյնը անգամուան մը համար ընդունելու, թէ իրենք լուսացքայնացուցած են քրիստոնեայ համայնքը` քուէարկելով Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին: