Մուսթաքպալ Հոսանքը Կը Հաստատէ Ուղղափառ Հանդիպումի Օրինագիծին Մերժումը
Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա երէկ նախագահեց Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական տարբեր օրինագիծերը:
Մուսթաքպալ պլոքի նիստին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կտրականապէս մերժուեցաւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը եւ նշուեցաւ, որ այդ օրինագիծը լիբանանցիները կը վերածէ աշիրեթներու:
Պլոքը կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական այլ օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ բոլորին ազատութիւնը կը յարգուի, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին սկզբունքները կը գործադրուին:
CATEGORIES Լիբանանեան

