Ժահժահ. «Խորհրդարանին Մէջ Հաւասարութիւն Ապահովող Այլընտրանք Մը Ներկայացուցէք»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծը դատապարտող եւ մերժող կողմերուն` անոնցմէ պահանջելով ներկայացնել այլընտրանք մը, որ խորհրդարանին մէջ կ՛ապահովէ հաւասարութիւնը քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներուն միջեւ:
Ժահժահ շեշտեց նաեւ, որ օրինագիծի մը այլընտրանքը ըլլալու պարագային, ան պէտք չէ ըլլայ տեսական, այլ` գործնական, ինչպէս որ է Ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած օրէնքին պարագան:
CATEGORIES Լիբանանեան