Մանսուր-Փաուլի Հանդիպում
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ֆրանսայի մէջ լիբանանցի արգելափակեալ Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումը արգելակելու դրդապատճառները:
Հանդիպումէն ետք Փաուլի կոչ ուղղեց Ապտալլայի գծով ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ տրուելիք որոշումները իմանալու յառաջիկայ 28 յունուարին:
Փաուլի յայտնեց, որ այս իմաստով ֆրանսական դատական իշխանութիւնները տակաւին վերջնական վճիռ չեն արձակած:
Փաուլի յայտնեց, որ իրենք կը հասկնան Ապտալլայի ազատ արձակումը յապաղեցնելու հարցով արձանագրուած հակազդեցութիւնները, սակայն պէտք է սպասենք որոշումին` աւելցնելով, որ ֆրանսական դատական իշխանութիւնները անկախութեամբ կը գործեն: