Ժորժ Ապտալլայի Ազատ Արձակումը Պահանջող Բաց Նստացոյցը Շարունակուեցաւ

Երգ ու երաժշտութիւն` Ապտալլայի ազատ արձակման համար

Ֆրանսայի արգելարաններուն մէջ պահուող Ժորժ Ապտալլայի ընտանեկան պարագաները, Լիբանանեան ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մաս կազմող Ապտալլայի գաղափարական ընկերները երէկ շարունակեցին Պէյրութի ֆրանսական դեսպանատան դիմաց իրենց յայտարարած բաց նստացոյցը:

Ապտալլայի ընտանիքը խստիւ դատապարտեց այն իրականութիւնը, որ ֆրանսական կառավարութիւնը, յատկապէս ներքին գործոց նախարարը, կը մերժէ գործադրել երկրին դատական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած որոշումը:

Բաց նստացոյցին մասնակցող երիտասարդներ եւ ուսանողներ կոչ ուղղեցին երիտասարդներուն եւ ուսանողներուն մասնակցելու այդ ցոյցին: Անոնք Ֆրանսան դատապարտեցին եւ անոր դատական իշխանութիւնները աղբի համազօր նկատեցին:

Բաց նստացոյցին մասնակցեցաւ նաեւ իսրայէլեան բանտերէն ազատ արձակուած Դիմադրութեան ազատամարտիկ Սամիր Քանթար, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնը ամերիկեան վարչակազմին խրտուիլակը նկատեց:

Լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն որդեգրած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ներքեւ ուսանողները մամլոյ ասուլիս մը տուին եւ այդ ասուլիսին ընթացքին Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեցին նախարարական յանձնախումբ մը յառաջացնել` հետապնդելու համար Ժորժ Ապտալլայի թղթածրարը:

Անոնք նշեցին, որ Լիբանանեան համալսարանին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ դասադուլ, ինչպէս նաեւ Ապտալլայի ծննդավայրին` Քըպէյյաթի մէջ Ապտալլայի զօրակցական հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ:

Նշենք, որ երեկոյեան ֆրանսական դեսպանատան դիմաց Ապտալլայի համար յայտարարուած բաց նստացոյցին միացան Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )