Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Քննարկելու Կառավարութեան Մշակած Ընտրական Օրինագիծը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն վերադառնալու Ազգային երկխօսութեան նիստին, չմեղսակցելու շրջանային բռնարարքներուն եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց խորհրդարանին քննարկելու կառավարութեան մշակած ընտրական օրինագիծը եւ զայն որոշ փոփոխութիւններու ենթարկելու, եթէ կարիքը զգացուի:
Ան ըսաւ, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու նոր տարուան մարտահրաւէրները:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը յարգելու եւ անոր գործադրութեան յանձնառու մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է դիմագրաւել Լիբանանի սպառնացող ապահովական, ընկերային եւ տնտեսական բոլոր մարտահրաւէրները, որոնք կը զգացուին Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն հսկայ թիւին պատճառով:
Այս ծիրին մէջ ան տարբեր երկիրներէն օժանդակութիւն խնդրեց` հոգալու համար գաղթականներուն կարիքները:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ բնական կազի հանքերը պեղելու սկսելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը ճիշդ էր` Լիբանանը զանց կացուցելու Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:
Միւս կողմէ, Կաչիա իր արտասանած խօսքին մէջ մաղթեց, որ Լիբանան եւ լիբանանցիները իրենց առջեւ ծառացող հարցերն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւեն ժողովրդավարութեամբ:
Քաչիա բարձր գնահատեց «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը եւ յոյս յայտնեց, որ այդ յայտարարութեան նկատմամբ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը յանձնառու մնան:


