ՌՈՆԱԼՏՕ ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆԸ ՏԱՍԸ ՕՐ ՊԻՏԻ ԲԱՑԱԿԱՅԻ

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ

Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նուազագոյնը տասը օր պիտի բացակայի դաշտերէն, վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: 26 տարեկան Ռոնալտօ վիրաւորուեցաւ Մալակայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին աւարտէն 15 վայրկեան առաջ:

Ռոնալտօ, որ այդ մրցումին հեթրիք մը իրագործեց (7-0), նախքան վիրաւորուիլը, լա լիկայի միակ մարզիկն էր, որ ցարդ տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն (ամբողջութեամբ) դաշտ ներկայացած էր:

Թէեւ ան տեղի ունենալիք մրցումէն պիտի բացակայի, սակայն մայրաքաղաքի կազմը կը յուսայ, որ ան իր մասնակցութիւնը բերէ, յառաջիկայ 16 մարտին, Լիոնի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին («Չեմփիընզ Լիկ»):

Share this Article
CATEGORIES
TAGS