ԹԵՆԻՍ. «ՏԷՅՎԻՍ ՔԱՓ»Ի ՄՐՑԱՇԱՐՔ:ԱՐԺԱՆԹԻՆ – ՌՈՒՄԱՆԻԱ` 4-0

Դաւիթ Նալպանտեան

Թենիսի «Տէյվիս Քափ»ի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Արժանթին Պուէնոս Այրեսի մէջ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ռումանիան:

Արժանթինի կէտերէն մէկը ապահովողը հանդիսացաւ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ 6-3, 6-2, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց Ատրիան Ունկիւրի: 26 տարեկան ռումանացին, աշխարհի մէջ դասուած է 183-րդ, մինչ Նալպանտեան 19-րդ: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 3 ժամ եւ 4 վայրկեան:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS