ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ հերթաբար ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան նախարարներ Մոհամետ Ֆընէյշը եւ Միշել Ֆարաոնը, որոնց հետ քննարկեց իւրաքանչիւրին նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ երեսփոխան Իսամ Սաուայա եւ նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր:
Միւս կողմէ, «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահին մօտիկ աղբիւրներէն, հաղորդեց, որ վերջին 48 ժամերուն ընթացքին նախագահ Սլէյմանի հետ կառավարութեան կազմութեան առումով կատարուած հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները աշխուժացած են:
Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ հանրապետութեան նախագահը յաջորդ կառավարութեան մէջ անպայման բաժիններ չի փափաքիր ունենալ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին կողմնակից նախարարներուն կողմէ ապահովութեան վերաբերող նախարարութիւններուն ստանձնումը յանգած է դրական արդիւնքներու: