ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄԵՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐԱՊԷ՞Ս ՓՈԽՈՒԱԾ Է

ԱՌԱՆՑ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉԻՆՉ Է ՄԱՐԴԸ: ՍԱԿԱՅՆ ՍՈՍԿ ԻՐ ԳՈՅՈՒԹԵԱՄԲ  ԱՆ ԻՐ ՆԵՐԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ԵՒ ԱԱՀՕՐԷՆ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ԶԱՅՆ: ՆԵՐԿԱՅ ԴԱՐՈՒՆ ՄԵՆՔ ՄԵԶ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ ԿԸ ԶԳԱՆՔ ԲՆՈՒԹԵՆԷՆ, ԱՅՆՔԱՆ, ՈՐ ԾԻԾԱՂԵԼԻ ԿԸ ԹՈՒԻՆ ԳԻՏԱԿԱՆ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐԸ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԵՐ ԴԵՐԻՆ ԵՒ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻ ԴԻՒՐԱԲԵԿ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ: ՄԻՋԱՎԱՅՐԻ ԵՒ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՔԱՅՔԱՅՈՒՄԻՆ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԵՆ, ՏԵՒԱԲԱՐ ԿԸ ՆՍԵՄԱՆԱՆ ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՏԻՆ: Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՄՏԱԾԷԻՆ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՓԻԼԻՍՈՓԱՆԵՐԸ ԱՅՍ ԷԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԱՍԻՆ:  ԱԼԵՆ ՏԸ ՊՈԹՕ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԴԵՐԸ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ Է ՅԱՆՑԱՆՔԻ ԶԳԱՑՈՒՄ ՄԸ` ՄՏԱԾԵԼ ՏԱԼՈՎ, ՈՐ ՊԷՏՔ Է ՊԱՇՏՊԱՆԵՆՔ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՉ ԹԷ` ԴԷՄ ԴՆԵՆՔ ԱՆՈՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՅՍ ԳԱՂԱՓԱՐԻՆ ԿԻՐԱՐԿՈՒՄԸ  ԻՆՔՆԻՆ ԳԵՐԲՆԱԿԱՆ ՃԻԳ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԵՒ ՎԵՐ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵՆԷՆ:

Կենսոլորտային այն վտանգները, զորս այժմ կը դիմագրաւէ մարդկութիւնը, ինծի պէս ոչ գիտական, այլ փիլիսոփայական ձեւով մտածողները դրած են նեղ կացութեան մէջ: Պէտք է ընդունիլ, թէ հետաքրքրական ոչինչ ունինք ըսելիք` ներկայիս դրուած ամէնէն կարեւոր հետեւեալ երկու հարցերուն վերաբերեալ. «Ի՞նչ պիտի պատահի մարդկային ցեղին» եւ «ինչպէ՞ս պէտք է դիմագրաւենք այն, ինչ որ պիտի պատահի»: Փիլիսոփայէ մը կարելի չէ լուսաբանութիւն ակնկալել:

Այսուհանդերձ, թերեւս տակաւին իմաստ մը ունի խորհրդածելու ճիգ մը կատարելը, քան թէ` պարզապէս միջավայրի եւ կենսոլորտի երկսայրի տագնապներուն լուծման մասին մտածելը: Անտեղի պիտի չթուէր երեւակայել, թէ երկրագունդը չարաշահելու գաղափարը ինչպիսի՛ ներգործութիւն ունեցած է մեր մտաւոր աշխարհին վրայ: Կարելի է հարց տալ, թէ կենսոլորտային տագնապին գիտակցութիւնը ինչպիսի՞ ներգործութիւն ունեցած է մեր ներաշխարհին վրայ եւ ինչպէ՞ս շրջած է մարդկային հոգեբանութիւնը:

Առաջին հերթին կարելի է ըսել, թէ մարդկութեան համար բնաւ նորութիւն չէ իր սեփական կործանումին հաւանականութիւնը դիմագրաւելը: Այն զգացողութիւնը, թէ ներկայ կարգը, այսինքն` համաչափ ցանուած դաշտերը, ծալուած լուացքի դէզերով պահարանները, բերնէ բերան լեցուն ցորենի շտեմարանները կրնան շուտով անհետանալ, շատ ծանօթ զգացողութիւն մը պիտի ըլլար միջնադարեան Եւրոպայի բնակիչներուն համար: Բաւարար է դիտել մայր եկեղեցիներու պատերուն վրայ քանդակուած պատկերները` անդրադառնալու համար, թէ մեր երեւակայութիւնը դարեր շարունակ համակուած է աշխարհի վերջ մը ուրուագծող տեսիլքներով:

ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Այսուհանդերձ, վարժուած ենք մեր ներկայ կենսոլորտային վիճակը անզուգական նկատելու: Հաւանաբար պատճառը այն է, որ այս մասին տեղեկացած ենք լրատուամիջոցներու ճամբով, եւ որովհետեւ օրաթերթերու համար ամէն ինչ պայման է, որ նորութիւն ըլլայ: Կարծէք երբեք գոյութիւն չէ ունեցած Լիզպոնի երկրաշարժը կամ Հռոմի թալանումը: Կարծէք երբեւիցէ ոչ ոք սպաննած է իր զաւակները կամ մսխած` դրամը: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր ժխտել մեր վախերուն ետին կարգ մը հզօր երեւոյթներ, որոնք նորութիւն են, այլ պարզապէս կը միտի շեշտել, թէ հաւանաբար պէտք է զգուշութեամբ անջատենք երկար ժամանակէ ի վեր «խելացի մարդուն» ուղեղին մէջ արմատացած եւ արդէն բացայայտուած վատառողջ մտածելակերպը` ներկայ ժամանակներու տագնապին յատուկ երեւոյթներէն:

Շատ մեծ սխալ մը չենք գործեր, եթէ բնութեան պահպանման մեր ներկայ գիտակցութեան ծնունդը վերագրենք այն պահուն, երբ Հիրոշիմայի եւ Նակասաքիի վերեւ պայթեցան հիւլէական երկու ռումբեր: Այս ռումբերը ապացուցեցին, թէ մարդկութիւնը ոչ միայն կրնար կործանիլ (ինչ որ հնամեայ մտածում մըն էր), այլեւ կրնար կործանիլ մարդկային արարքներու պատճառով (փոխանակ` հիւանդութիւններու կամ հիւանդութիւններ կրող առնէտներու): Այլ խօսքով, անոնք մտածել կու տային, թէ տիրացած էինք մեր տեսակը անձնասպանութեամբ ոչնչացնելու ուժին:

Միշտ ալ մենք մեզ ճանչցած ենք իբրեւ կարճատես եւ ոճրային արարածներ: Միայն վերջին քանի մը սերունդներն են, որոնք անդրադարձած են, թէ նաեւ շատ հզօր ենք: Օժտուած ենք մեր ճակատագիրը շրջելու բաւարար գիտակցութեամբ, եւ այնպիսի ձեւով, որ յատուկ է միայն մեզի եւ` ոչ մէկ անասունի: Սակայն, միւս կողմէ, զլացուած է մեզի այն իմաստութիւնը, որ պիտի օգնէր` հակակշիռի տակ պահելու մեր ստոր վարուելակերպը:

Այսուհանդերձ, հակառակ նմանութիւններուն, կենսոլորտային քանդումը հիւլէական քանդումէն կը տարբերի հիմնական կէտի մը մէջ. այն հրամանատարները, որոնք ռումբեր կը պայթեցնեն, գիտեն, թէ կ՛ուզեն մարդ սպաննել: Իսկ այն պատասխանատուները, որոնք կը ղեկավարեն կաթով լեցուն շիշերը հանրախանութներուն բաժնելու գործընթացը, ընդհանրապէս աւելի չարագուշակ նպատակ մը չունին, քան` շահ ապահովել իրենց ընկերութեան բաժնետէրերուն:

Երբ առատ ջուր կը գործածենք` մեր ակռաները խոզանակելու համար, կամ երբ դէպի Ֆլորանս կը թռչինք` Թիշընի կարգ մը գեղանկարները տեսնելու համար, յարձակողապաշտութիւնը շատ հեռու է մեր ուղեղէն: Այսուհանդերձ, այժմ օրական մեզի կը կատարուի այն յիշեցումը, թէ առօրեայ անմեղ սովորութիւններ կուտակուելով` կը վերածուին կործանարար շատ աւելի մեծ ուժի մը, քան ինչ որ կը պարունակէ հիւլէական ռումբ մը: Մեզի կը թելադրուի վերանայիլ մարդկութեան եւ զայն տեսնել իբրեւ առանց մտածելու սպաննողներու խումբ մը:

Քանդումը տեղի կ՛ունենայ ոչ թէ ոեւէ մէկուն կատարած մէկ արարքին պատճառով, այլ` մեր հաւաքական արարքներուն, զորս ի գործ կը դնենք իբրեւ մարդկային ցեղ: Մեզ կ՛ամբաստանեն ոճիրի համար, զոր չենք կրնար կանխարգիլել առանձին: Փրկութիւնը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ: Հետեւաբար յանցաւոր ենք, սակայն նաեւ` արտասովոր կերպով անզօր:

ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Այս դիտանկիւնէն` ոճրագործներուն վիճակը աւելի տանելի է, քան` արդի աշխարհին մէջ սովորական ոեւէ քաղաքացիի: Գէթ ոճրագործները իրենց մեղքէն կրնան ձերբազատիլ` զղջալով եւ իրենց կամքին ուժով շրջելով իրենց վարուելակերպը: Անոնք պարտաւոր չեն միաժամանակ 193 երկիրներէ 6 միլիառ ուրիշներու միատեղ համաձայնութիւնը ապահովել` քաւելու համար իրենց մեղքը:

Այսուհանդերձ, ամբողջութեամբ հրաժարիլը եւ ձեռնածալ մնալը ընտրանքներ չեն մեզի համար, որովհետեւ խիստ կերպով մեզի կը յիշեցուի, որ եթէ բոլորս մտածենք հրաժարելու մասին, ապա մարդկութիւնը կ՛անհետանայ: Կը վերադառնանք յուսահատութենէ խուսափելու քրիստոնէական ցուցմունքին, ոչ թէ որովհետեւ ուրախալի պատճառ մը գոյութիւն ունի, այլ որովհետեւ յոյսը կը նոյնացուի մարդկութեան հետ եւ` այլոց նկատմամբ ուշադրութեան:

Միջավայրի եւ կենսոլորտի վիճակները ընդմիշտ փոխած են մարդկային յարաբերութիւնը բնութեան հետ: Այժմ գարնան եղանակի համար արտասովոր կերպով ջերմ օրուան մը տպաւորութիւնը նոյնը չէ, այն ինչ որ էր Չոսըրի եւ Ուըրծուըրթի ժամանակներուն. այսինքն` անիկա մարդկային ոլորտին խորհրդաւորութեան եւ զօրութեան մէկ արտայայտութիւնը չէ: Մարդկային կեանքին սկիզբէն ի վեր բնութեան հետ մեր կապին փորձառութիւնը ընդգրկած է հանդիպում` «ուրիշին հետ»: Լեռներն ու հովիտները մեզի յիշեցուցած են, թէ մեր մոլորակը կառուցուած է մեր ձեռքերէն տարբեր բանով մը, մեր հասկացողութենէն աւելի մեծ ուժով մը, մեր ծնունդէն շատ առաջ եւ կոչուած է շարունակուելու մեր անհետացումէն երկար ժամանակ ետք: Բնութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ մենք խաղալիքներ եղած ենք այն ուժերուն համար, որոնք ստեղծած են ովկիանոսները եւ քանդակած` լեռները:

Մտայնութիւնները ինչպէ՜ս փոխուած են: Հաւասարութիւնը խախտած է: Բնութիւնը մեզի չի յիշեցներ, թէ մենք փոքր ենք, այլ սարսուռ կը պատճառէ` յիշեցնելով մեր հասակին եւ ուժին երկիւղալի ապացոյցը: Կը դիտենք Քիլիմանճարոյի ձիւնածածկ գագաթը եւ կը մտածենք, թէ ածուխով աշխատող մեր ելեկտրածին շարժակները որքա՛ն ջերմացուցած են երկիրը: Կը թռչինք Ամազոնի լերկ տարածութիւններուն վերեւ եւ կը տեսնենք, թէ որքա՛ն դիւրութեամբ քերթած ենք մեր մոլորակը:

Անցեալին բնութիւնը կը սարսափեցնէր մեզ: Այժմ կը սարսափեցնենք մենք զմեզ: Մենք պատասխանատու ենք Ուըրծուըրթի գովերգած նարգիսներուն կանխահաս փթթումին: Մեր դրոշմը կայ գաղթող թռչուններու տարօրինակօրէն կանուխ վերադարձին վրայ: Մեր հակակշիռին տակ են ոչ միայն երթեւեկն ու օդանաւերը, այլ նաեւ` նոյնինքն եղանակներուն պարբերաշրջանները:

ԿԱՐԵԿՑՈՂ ՈՒԺԵՐ

Ի հակազդեցութիւն մեր վիճակին, դարձած ենք խելայեղօրէն զգացական` բնութեան նկատմամբ: Կը խղճանք բնութեան: Անոր հետ կը վարուինք այնպէս, ինչպէս` վիրաւոր փանտայի մը: Շատ հեռու գացած ենք հնադարեան յոյներուն մօտեցումէն. անոնք բնութիւնը կը նկատէին իրենց հակառակորդը, հաւանօրէն առատաձեռն, սակայն խորքին մէջ` թշնամի մը: Կորսնցուցած ենք այդ հնադարեան պայքարին ամբողջ զգացողութիւնը եւ այժմ պատասխանատու կը զգանք: Հակառակ մեր կարճ հասակին եւ կեանքի կարճ տեւողութեան` յաջողած ենք յանցաւոր զգալ նոյնիսկ սառցալեռներու նկատմամբ:

Կենսոլորտի եւ միջավայրի մասին կարծիք յայտնողի մեր դերը որոշ մակարդակի վրայ մեզի օգնած է նկատելու այն փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան մեր շուրջ: Սակայն այլ մակարդակի վրայ անիկա մեզ կը դնէ հոգ տանելու հարցին դիմաց: Եւ ասիկա շատ դժուար պարտականութիւն մըն է, որովհետեւ մեզմէ կը պահանջուի մտահոգուիլ երեք սերունդ ետք անասնատեսակներու եւ բուսատեսակներու անհետացումով, երբ պարտաւոր ենք դիմակալել շատ աւելի մօտալուտ հարց մը` մեր սեփական մահը:

Մեզմէ կը պահանջուի նոյնքան մտածել տակաւին չծնած անձերու մասին, որքան` մեր անձին: Մարդկութեան պատմութեան ամբողջ ընթացքին երբեւիցէ մեզմէ չէ պահանջուած այսքա՛ն մտահոգուիլ ուրիշներով, որոնց մասին շատ քիչ բան գիտենք: Այժմ կարեկցանքի մեր ուժը լարուած է` կոտրելու աստիճան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES