ԳԻՏԷ՞Ք, ԹԷ ՔԱՐԵՐԸ Կ՛ԱՐԻՒՆԻՆ

Փինօ Շոլա կը հաւատայ, թէ տիեզերքը քարտէսագրուած է քարերով:

ԻՏԱԼԱՑԻ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ՔԱՐԵՐ «ԿԸ ՆՈՒԱԳԷ»` ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԿԱՊ ՄԸ ՍՏԵՂԾԵԼՈՎ: «ՉԷՅՍԻՆԿ ՏԻ ԱՆԵՔՍՓԵՔԹԸՏ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՓԻՆՕ ՇՈԼԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԵՒ ԱՊՇԵՑՈՒՑԻՉ ԱՇԽԱՐՀԸ:

«Ի՞նչ է առաջին բառը, որ ուղեղիդ մէջ կը յայտնուի, երբ կը մտածես քարի մը մասին», հարց կու տայ Փինօ Շոլա` զիս դիմաւորելով իր բնակարան-գիտաշխատանոցին մէջ:

«Կա՞րծր, տոկո՞ւն», կը փորձեմ կռահել:

«Մտածա՞ծ ես ճկունութեան մասին», առաջարկեց խորամանկօրէն` իր նոր կտրած քարերէն մէկը թրթռացնելով ջութակի մը լարերուն պէս:

Այսպէս սկիզբ առաւ հարցազրոյցս անուանի քանդակագործին հետ, որ ձայն կը ստեղծէ քարերէն: Անմիջապէս անդրադարձայ, թէ սովորական հարց-պատասխան մը պիտի չըլլար: «Չեմ կրնար պատասխանել հարցումներուդ,- ըսաւ ան սկիզբէն,- այլապէս կը սպաննեմ այն ամբողջ կախարդանքը, զոր բնութիւնը ստեղծած է քարերուն շուրջ»:

Փինուչիօ Շոլա, ինչպէս ան ծանօթ է հարաւային Սարտինիայի Սան Սփերաթէ գունագեղ գիւղաւանին բնակիչներուն կողմէ, բազմակողմանի արուեստագէտ մըն է, սակայն անոր հոգին կը գտնուի քարերու խորհրդաւոր աշխարհին մէջ: «Քարերը մեր մոլորակին ողնաշարն են, անոնք այստեղ են ժամանակի սկիզբէն ի վեր, հազարամեակներ շարունակ եւ երբեք պիտի չդադրին գոյութիւն ունենալէ», կ՛ըսէ ան: Երբեւիցէ նոյնքան ուշադրութիւն չէի դարձուցած քարերուն, ինչպէս թերեւս շատեր: Անոնց գոյութիւնը միշտ ալ սովորական նկատած էի:

Ինչպէս Կոնփուկիոս Ն. Ք. 6-րդ դարուն արդէն կը փառաբանէր մարդուն եւ բնութեան միջեւ ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը, այսօր ան շատ պիտի հրճուէր տեսնելով, թէ Շոլա քարերու նկատմամբ ունի ճիշդ այն պատկերացումը, որ գոյութիւն ունէր չինական հնադարեան մշակոյթին մէջ: Չինացիք կը հաւատային, թէ քարերը բնութեան նուէրն էին մարդուն, եւ թէ` պէտք էր փայփայել զանոնք:

Մինչ կը շրջէինք քաղաքամերձ տարածքներու ոլորապտոյտ ճամբաներուն վրայ, գունագեղ որմնանկարներով զարդարուած գեղատեսիլ գիւղէն դէպի դաշտերը, ուր կը գտնուի Շոլայի բացօթեայ թանգարանը, ի զուր փորձեցի գիտնալ, թէ առաջին անգամ ե՞րբ ան լսած էր քարի մը ձայնը: «Անիկա միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է մէջս: Չկայ առաջին անգամ մը», ըսաւ ան` առանց կարեւորութիւն տալու լրագրական իմ կարիքներուս:

Մշուշոտ առաւօտ մըն էր: Մէկ գիշեր առաջ անձրեւած էր, օդը տակաւին ծանր էր առաւօտեան ցօղով, եւ յարափոփոխ երկինքը մռայլ էր` յաւելեալ անձրեւներով սպառնացող ամպերով: «Լսէ՛,- ըսաւ ան` մատը դնելով շրթներուն:- Կը լսե՞ս, թէ ինչպէ՛ս կը փսփսան քարերը»:

Հազիւ մօտեցանք քանդակներու հոյլին, ան բռնեց փոքր քար մը եւ սկսաւ զայն մեղմօրէն շփել հսկայական քարի մը վրայ, որ կը բարձրանար այլ քարերէ վեր: Անմիջապէս սկսաւ հնչել երաժշտութիւնը եւ կախարդանքը ծայր տուաւ: Հմայուած էի եւ յանկարծ զգացի, թէ չէի կրնար հարցազրոյց մը կատարել Շոլայի հետ: Չկար ճիշդ հարցում մը: Եւ հակառակ իմ կատարած ուսումնասիրութիւններուս, անդրադարձայ, թէ չէի յաջողած հասկնալ անոր արուեստը: Հետեւաբար հիմնական ընտրանքը կը մնար թոյլ տալ իրեն, որ խօսէր` ինչ որ կը ցանկար: Կարիք չկար ասիկա բացատրելու իրեն. ան գիտէր, թէ այսպէս պիտի պատահէր:

Թոսքանայի հանդիպակաց իտալական մեծ կղզին` Սարտինիան ունի հանքային քարերու առնչուած երկար աւանդութիւն մը: Ամբողջ կղզին կէտադրուած է պրոնզէ դարու քարաշէն աշտարակներով, որոնք կը կոչուին նուրակի եւ «հուրի-փերիներու բնակարաններ», որոնք ծանօթ են իբրեւ տոմուս տէ եանաս, որոնք կու գան նախապատմական դարերէն: Սարտինիոյ քարէ ժառանգութիւններէն ոմանք նաեւ կը կոչուին «հսկաներու դամբարաններ»: Կարելի չէ պատմութեան մէջ զանոնք տեղադրել այլ տեղ: Անոնք շրջապատուած են զիրենք շրջապատող մագնիսական դաշտերուն խորհրդաւոր մթնոլորտով. այն աստիճան, որ մարդիկ հոգիներուն համար բուժիչ յատկութիւն մը կը տեսնեն անոնց մէջ:

Այս անգամ չեմ կրնար զսպել ինքզինքս եւ կը հարցնեմ. «Կը կարծէ՞ք, թէ հսկաներուն դամբարաններուն շուրջ մագնիսական դաշտերը նման ներգործութիւն ունին մարդոց վրայ, որովհետեւ երկրաբաններ…»:

«Ա՜հ, երկրաբաններ,- ընդմիջեց ան:- Եթէ գիտնաս, թէ քանի՛ անգամ վիճած եմ երկրաբաններու հետ»:

Կասկած չունէի:

Միշտ ալ մտածած էի, թէ քարերը կարծր իրեր են եւ` կեանքէ զուրկ: Սակայն Փինօ Շոլա սկսաւ աչքերուս առջեւ բանալ ամբողջութեամբ նոր աշխարհ մը: «Կ՛ուզեմ նոր յարաբերութիւն մը հիմնել բնութեան հետ,- յայտարարեց ան, մինչ կը շրջէինք իր բացօթեայ լեցուն թանգարանին մէջ:- Գիտե՞ս, թէ քարերը կ՛արիւնին»:

Ոչ մէկ բան նոյնքան պիտի զարմացնէր զիս: Հետեւաբար անմիջապէս խոստովանեցայ. «Ո՛չ, խնդրեմ` ցո՛յց տուր»:

Կանգնած էինք հսկայական գորշ քարի մը դիմաց, որուն գագաթը սեւ էր: «Տե՛ս, ասիկա սեւ է,- յայտարարեց ան,- սակայն, երբ զայն մօտեցուցի կրակին, սկսաւ արիւնիլ` հրավառ կարմիր հեղուկ մը արձակելով: Զգացականօրէն ցնցիչ պահ մըն էր»:

Պատմութեան, ձայներու եւ խորհրդաւորութեան մէջ ապրուած եւ քարերուն ձայնը ունկնդրելով առաւօտ մը անցընելէ ետք, ամբողջութեամբ նոր իրականութիւն մը բացուեցաւ ուղեղիս մէջ: Փինօ Շոլա կ՛ուզէր փորձել զիս: Ցոյց տուաւ ճերմակ քարի կտոր մը: «Ասիկա Քարարայի մարմար է,- յայտարարեց ան` զայն շփելով իր ձեռքերուն մէջ:- Մօտեցի՛ր, ի՞նչ կը լսես»:

Պահ մը շփոթեցայ: Միայն լռութիւն կը լսէի: Ինչպէ՞ս կարելի էր: Ամբողջ օրը ուշադրութեամբ լսած էի իր արտասանած իւրաքանչիւր բառը եւ ոչի՞նչ սորված էի: Ուսերս թօթուելով` ըսի. «Միայն լռութիւն կը լսեմ, ուրիշ ոչինչ»:

«Ճիշդ այդպէս,- ըսաւ ան մեղմօրէն` առանց անդրադառնալու, թէ շունչ մը առի:- Ասիկա այն հազուագիւտ համր քարերէն է»:

Սարտինիա խորհրդաւորութիւններու աշխարհն է: Հոն թաքնուած են բազմաթիւ աւանդութիւններ, զորս բազմաթիւ բնիկներ կ՛անտեսեն: Հոն կը պատահին իրադարձութիւններ, զորս նոյնիսկ գիտնականներ հրաժարած են հասկնալու փորձեր կատարելէ: Փինօ Շոլա ամբողջութեամբ արմատացած է բնութեան եւ մարդուն կողմէ կառուցուած այս արտասովոր իրականութեան մէջ, որ կը յիշեցնէ հեռաւոր անցեալը, երբ մարդը աւելի մօտ էր մայր բնութեան:

«Իմ ներշնչումիս մեծ մասը կը պարտիմ Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներուն,- բացայայտեց ան մեր զրոյցին ընթացքին:- Մեքսիքօ եւ Փերու կենսական դեր ունին իմ արուեստիս եւ աշխատանքիս մէջ»:

«Մայաներու նման հնադարեան քաղաքակրթութիւններ, Սարտինիոյ նուրակիներու նախապատմական բնակչութեան նման, շատ աւելի կ՛ապաւինէին բնութեան, քան` մենք այսօր: Հետեւաբար այս պատճառով է, որ անոնք աւելի կը յարգէին երկրագունդը», ըսաւ ան:

Մինչ կը հեռանայինք Շոլայի տարաշխարհիկ քարերու թանգարանէն, հարցումներու հեղեղ մը ծայր տուաւ ուղեղիս մէջ, սակայն հազիւ յաջողեցայ իրարու կցել այն տեղեկութիւնները, զորս ան հազիւ յայտնեց ամբողջ օրուան ընթացքին, երբ կը փորձէի հասկնալ անոր արուեստը, որ խորապէս արմատացած էր իր գրաւիչ կենցաղին մէջ:

Շոլայի հանդիպելէ առաջ չէի գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք էր ակնկալէի: Շատ բան լսած էի իր մասին: Գիտէի, թէ հռչակաւոր արուեստագէտ մըն է, սակայն ամբողջութեամբ ցնցիչ էր տեսնել այն կապը, զոր ան հաստատած էր բնութեան եւ իր աշխատանքին միջեւ: Ան ոչ միայն երախտապարտ է բնութեան` յարատեւօրէն մարդկութեան տուած իր նուէրներուն համար, այլ նաեւ կը գիտակցի երկրագունդի վրայ իր տեղին, եւ կը թուի, թէ ձեւով մը աւելի մօտ է տիեզերքի խորհրդաւորութիւններուն:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES