50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 9 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
(ՍԵՓԱԿԱՆ ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի)
Խոստման արարողութիւն.- ՀՅ Դաշնակցութեան «Յառաջ» պատանեկան միութեան շարքերը անցնող 40 պատանիներու խոստման պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ ամսոյս 22-ին, շաբաթ օր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ, կոմիտէին ներկայութեամբ:
Բացումը կատարեց Մովսէս Մախուլեան: Յոտնկայս երգուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»ը: Ն. Պիտանեան խօսեցաւ պատանեկան միութիւններու պարտականութեանց եւ պարտաւորութեան մասին:
Խոստման արարողութիւնը կատարեց Յ. Գ. Պուրսալեան եւ ըսաւ.
«Սիրեցէ՛ք ազգն ու հայրենիքը, գուրգուրացէ՛ք մայրենի լեզուին վրայ, սիրեցէ՛ք հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը: Պահպանեցէ՛ք այն բոլոր բաները, որ հայկական դրոշմ կը կրեն: Ձեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին եղէք ճշմարտախօս, ճշդապահ, կարգապահ, աշխատասէր, անվհատ ու անվեհեր: Անսասան հաւատքով ու վճռական գնացքով պիտի ընթանաք այն ճանապարհէն, ուրկէ անցան քրիստափորները, ռոստոմները, զաւարեաններն ու հայ ջան ֆետայիները… ու վստահ եղէք, սիրելի պատանիներ, որ ձե՛րն է ապագան, ձե՛րն է յաղթանակը: Կը շնորհաւորեմ ձեզ ամբողջ հոգիովս…»:
«Յառաջ» պատանեկան միութեան վարիչներն են` Յակոբ Ս. Սպենճեան, Վազգէն Գարագաշեան եւ Գեղամ Հաւաթեան: Պատանիները կ՛ունենան կանոնաւոր ժողովներ, ուր կը տրուին իրենց դասախօսութիւններ զանազան նիւթերու շուրջ, վարիչ ընկերներուն կողմէ: Այժմ պատանիներու թիւն է 120: Բոլորն ալ գրել-կարդալ գիտեն: Հետզհետէ շարքերը կը խտանան: Ունին բաւական ճոխ գրադարան մը` բաղկացած մօտ 400 հատորներէ:
Ժամանում.- Քանի մը օր առաջ տեղս ժամանեցին լիբանանահայ առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոսը, ամերիկահայ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ` Եղիշէ Յ. Մելիքեանը, Մովսէս Տէր Գալուստեանն ու Պարսկաստանի մեր ղեկավար ընկերներէն Հրայր Մարուխեան: Մեր հիւրերը այցելեցին նորակառոյց եկեղեցին, «Յառաջ» վարժարանը եւ գիւղաքաղաքիս զանազան մասերը:
Ապրիլեան սգատօն.- Ապրիլ 24-ին, երկուշաբթի, մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն` ապրիլեան բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր: Եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը տալու Մեծ եղեռնի զոհերուն, բոլոր յարանուանութիւններն ալ:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, ժամը 2:15-ին, տեղի ունեցաւ սգահանդէս, «Տիգրանեան» սրահին մէջ, աննախընթաց բազմութեամբ: Բոլոր խանութները փակ էին: Ամէն տեսակի աշխատանք դադար առած էր:
Կը նախագահէր Թ. Հապէշեան: Հրաւիրեց ժողովուրդը, որ պահ մը յոտնկայս յարգեն մէկ միլիոնին յիշատակը: Իր բացման խօսքին մէջ թուեց այն պատճառներն ու պարագաները, որոնց անողորմաբար զոհ գացին մեր եղբայրներն ու քոյրերը` բիւր բիւրաւոր:
Եղան աւուր պատշաճի խմբերգներ, մեներգներ եւ արտասանութիւններ` Ահարոնեանէն, Սիամանթոյէն եւ այլն:
Առաջին բանախօսն էր Պօղոս Սնապեան: Բանախօսը պատկերացուց հայ գողգոթան` տալով զանազան դրուագներ արհաւիրքի սեւ օրերէն: Կոչ ըրաւ սգակիր հանդիսականներուն, որ պահեն եւ պահպանեն բոլոր մեռելներուն անմահ յիշատակը` ու հետեւին անոնց պատգամներուն` կարենալ ապրելու համար իբրեւ իրա՛ւ հայ:
Երկրորդ բանախօսն էր Անդրանիկ Ուրֆալեան: Բանախօսը ծանրացաւ հայ մտաւորականութեան ձերբակալման, աքսորման ու բնաջնջման վրայ: Նկարագրեց հայ տառապանքին ահաւորութիւնը, որուն ենթարկուած էր բովանդակ Արեւմտահայաստանի հայութիւնը, առանց սեռի եւ դաւանանքի խտրութեան: Յիշեց նաեւ այդ սեւ օրերուն՝ Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ, տեղի ունեցած հերոսապատումները` դրուատիքն ընելով Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Ճեպել Մուսայի, Ֆնտըճագի եւ այլ վայրերու դիւցազնամարտերուն:
Սգակիր հանդիսականները, տէր հօր «Պահպանիչ»էն ետք, մեկնեցան սրահէն` տանելով իրենց հետ մէկ միլիոնի անմահական յիշատակը…
Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ
Այնճար