«Ֆրիտըմ Հաուս»-ը Արցախը Կը Ճանչնայ Իբրեւ Անկախ Պետութիւն

«Ֆրիտըմ Հաուս» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը երէկ հրապարակեց ժողովրդավարական բարեփոխումներու վերաբերեալ իր տարեկան զեկուցումը, որուն մէջ Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ընդգրկուած են մասամբ ազատ երկիրներու շարքին:

Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ քաղաքական իրաւունքներու առումով Արցախը իր դիրքը բարելաւած է մէկ կէտով` դուրս գալով ոչ ազատ երկիրներու շարքէն: Կը նշուի, որ Արցախի կարգավիճակը բարձրացած է` հաշուի առնելով իսկական ընդդիմութեան մասնակցութեամբ մրցունակ նախագահներու կատարումը:

Հայաստանի վերաբերեալ եւս կը նշուի, որ անոր դիրքը բարելաւուած է շնորհիւ մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք արմատական ընդդիմութեան խորհրդարան մուտք գործելուն:

Ըստ զեկուցումին, Վրաստան եւս մասամբ ազատ երկիր է, սակայն Ազրպէյճան կը շարունակէ մնալ ոչ ազատ երկիրներու շարքին:

«Ֆրիտըմ Հաուս»-ի ուսումնասիրած 195 երկիրներէն ազատ են 87-ը, ուր կը բնակի երկրագունդի բնակչութեան 43 առ հարիւրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )