Հայ – Յունական Զինուորական Համագործակցութեան 2013-ի Ծրագիրի Ստորագրութիւն

Նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան այցելեց Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարութեան միջազգային համագործակցութեան ղեկավարութեան պատասխանատու, գնդապետ-զօրավար Եւանկելոս Քոնսթասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Այցելութեան ծիրին մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տոնոյեանի եւ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին ամփոփուեցան նախորդ տարուան երկկողմանի համագործակցութեան արդիւնքները եւ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ 2013 թուականի համագործակցութեան շուրջ:

Լեւոն Ազվազեան եւ Եւանկելոս Քոնսթաս ստորագրեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2013 թուականի երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան ծրագիրը, որով կը նախատեսուին շարք մը նախաձեռնութիւններ զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան, անձնակազմի մարտական պատրաստութեան եւ փորձառութեան փոխանակման ուղղութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES