Նախագահ Սարգսեան Խստիւ Կը Քննադատէ Ազրպէյճանը Եւ Թուրքիան
«Մեր արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր նպատակն է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձահարուած յարձակողական պատերազմին ընթացքին տարած յաղթանակի վերջնական իրաւական ձեւակերպումը», երէկ յայտարարեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` խօսք առնելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Հայաստանի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ղեկավարութեան ընդլայնուած կազմով նիստին մէջ:
Նշելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան համար գլխաւոր սպառնալիքը կը մնայ Ղարաբաղի հարցին մէջ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան «բացայայտ հայատեաց, ցեղապաշտական, ռազմատենչ քաղաքականութիւնը», Սերժ Սարգսեան փաստեց, որ Ազրպէյճան բացէ ի բաց կը խախտէ զինադադարի պայմանները եւ շփման գիծին վրայ պարբերաբար զինուորներ կը զոհուին:
«Մենք պէտք է ամէն օր, ամէն պահու պատրաստ ըլլանք պատերազմ քարոզող դրութեան կողմէ նոր զինուորական արկածախնդրութեան: Հայաստանը եւ Արցախը չեն ցանկար, սակայն բոլորը պէտք է վստահ ըլլան, որ մենք արժանապատիւ պատասխան պիտի տանք նետուած որեւէ մարտահրաւէրի: Այլեւս երբեք Արցախի բնակչութիւնը պիտի չկանգնի ֆիզիքական ոչնչացման վտանգի առջեւ: Հայաստան անոր երաշխաւորն է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:
Նախագահը յայտարարեց, որ Արցախի ճակատագիրը պիտի որոշէ Արցախի ժողովուրդը: Ան յղում կատարեց միջազգային իրաւունքին եւ միջազգային բազմաթիւ փաստաթուղթերուն` աւելցնելով, որ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցութիւններուն կը դառնայ օրուան հրամայական:
Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ` այդ երկիրը բնութագրելով իբրեւ շրջանային պետութիւն մը, որ «անվերապահօրէն կը սատարէ Պաքուի հակահայ քաղաքականութեան» եւ յայտարարեց, որ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսին ներքեւ ձեւաւորուած թուրք-ազրպէյճանական դաշինք»-ը չյաջողեցաւ եւ պիտի չյաջողի «շրջափակման, բաժանարար գիծերու խորացման եւ համագործակցութեան բացառման միջոցով Հայաստանէն միակողմանի զիջումներ կորզել»:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուիլ եւ դրացիներուն հետ «զերօ խնդիրներու» քաղաքականութիւնը «զերօ արդիւնք» տուաւ: Ըստ նախագահին, անոր պատճառը այն է, որ Թուրքիա կը ձգտի դրացիներուն հետ բոլոր խնդիրները լուծել դրացիներուն հաշուոյն: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի համար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը սոսկ արդարութեան եւ արդարադատութեան պահանջ չէ կամ նախնիներուն առջեւ ունեցած բարոյական պարտքի կատարում, ատիկա ունի նաեւ անվտանգութեան նշանակութիւն:
«Կը կարծեմ, որ առանց Թուրքիոյ անկեղծ ապաշխարհանքին եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, շրջանին մէջ Հայաստանի անվտանգ գոյութիւնը պիտի շարունակէ վտանգուած մնալ»:
Նախագահական ընտրարշաւի սկիզբէն օրեր առաջ արտասանած իր խօսքին զգալի մասը Սերժ Սարգսեան նուիրած է Հայաստանի ապահովութեան խնդիրներուն` նշելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները որդեգրած են «համագործակցային եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն` գործընկերային յարաբերութիւններ զարգացնելով Հայաստանի հանդէպ բարեկամաբար տրամադրուած բոլոր պետութիւններուն հետ»:
Հայաստանի նախագահը յստակացուց, որ Հայաստանի անվտանգութեան առանցքը պիտի շարունակէ մնալ հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային գործընկերութիւնը, որ անկախութեան 20-ամեայ պատմութեան ընթացքին ապացուցած է իր կենսունակութիւնը:
Անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան` նախագահ Սարգսեան մասնաւորաբար ըսաւ. «Անկայունութիւնը Մերձաւոր Արեւելքում լուրջ մարտահրաւէր է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Դա պայմանաւորուած չէ միմիայն մերձաւորարեւելեան երկրներում հայկական սփիւռքի առկայութեամբ, թէ՛ դա, ի հարկէ, էական գործօն է: Մերձաւոր Արեւելքը մշտապէս եղել է համաշխարհային քաղաքականութեան հիմնական կենտրոններից թէ՛ ռազմավարական ու քաղաքական, թէ՛ քաղաքակրթական, մշակութային-կրօնական առումներով, իսկ Հայաստանի համար բազում առանցքային իրադարձութիւններ անմիջականօրէն կապուած են եղել մերձաւորարեւելեան գործընթացների հետ:
«Արդէն երկու տարի մերձաւորարեւելեան մի շարք երկրներում տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական առումներով յաճախ ճգնաժամային իրադրութիւնը շարունակում է ահագնանալ` կրելով առաւել վտանգաւոր փոխակերպումներ եւ սպառնալիքներ ոչ միայն տարածաշրջանային, այլեւ համաշխարհային տիրոյթում: Երկու տարիների ուժականութիւնը ցոյց տուեց, որ գործընթացը յաճախ ենթակայ չէ վերահսկողութեան ոչ միայն ներպետական, այլեւ, շատ դէպքերում, միջազգային մակարդակում: Սիրիայի ողբերգական զարգացումները վերոնշեալի ապացոյցն են: Տասնեակ հազարաւոր անմեղ մարդկային զոհերի, հարիւր հազարաւոր գաղթականների առկայութեան փաստը, եւ այդ խորապատկերին հակամարտութեան կարգաւորման տեսլականի բացակայութիւնը խորը մտահոգութեան առիթ են տալիս: Մենք բազմիցս նշել ենք, որ Սիրիայի ժողովուրդն ինքը պէտք է որոշի իր ճակատագիրը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն իր ուշադրութեան կենտրոնում է պահում սիրիահայութեան առջեւ ծառացող խնդիրները: Ցաւօք սրտի, վերջին շրջանում նկատելիօրէն աճել է զոհերի ու վիրաւորների թիւը, այրուել է Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցին, վնասուել են բազմաթիւ հայկական հաստատութիւններ: Ներկայումս Հայաստանում ապաստան են գտել շուրջ 6000 սիրիահայեր, որոնց զգալի մասը ձեռք է բերել նաեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Նրանց շատ խնդիրներ` հիմնականում ընկերային բնոյթի, պահանջում են հրատապ լուծումներ: Մինչ օրս մեր ձեռնարկած քայլերն ուղղուած են եղել սիրիահայ մեր եղբայրների եւ քոյրերի կարիքների ապահովմանը ինչպէս Հայաստանում, այնպէս էլ Սիրիայում»:

