Ռոպերթ Քոչարեան Կը Նշէ Իր Չառաջադրուելու Պատճառները

Ռոպերթ Քոչարեան

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ յայտարարեց, որ կան երեք պատճառներ, որոնք իրեն կը դրդեն ձեռնպահ մնալ աշխուժ քաղաքականութեան վերադառնալէն:

Պատասխանելով «Մետիամաքս» լրատուական գործակալութեան այն հարցումին, որ եթէ նախագահական ընտրութիւններուն իր մասնակցելուն առումով որոշակի սպասումներ կային, սակայն ատիկա տեղի չունեցաւ, որո՞նք էին այդ որոշման դրդապատճառները, Քոչարեան յայտնեց, որ երեք հիմնական հանգամանքներ կ՛առանձնացնէ:

Ըստ Քոչարեանի, առաջինը` իրեն համար անընդունելի էր իշխանութեան պայքարը երկու ղարաբաղցիներու, երկու վաղեմի գործընկերներու միջեւ. ատիկա բարդ ընտրութեան իրավիճակ պիտի ստեղծէր շատերուն համար ու պիտի դառնար տարատեսակ շահարկումներու առարկայ: Բացի անկէ, Քոչարեան յայտնեց, որ ինք ժամանակին առաջարկած էր գործող նախագահի թեկնածութիւնը իբրեւ յաջորդող, եւ հասկնալի է անոր վերընտրուելու ցանկութիւնը:

Երկրորդը` ան պիտի չուզէր մասնակցիլ իշխանութեան պայքար մղող երեք նախագահներու ծայրայեղ տհաճ եւ երկրին համար վնասակար ձեւաչափի կազմաւորման:

Եւ երրորդ` քաղաքական համախոհութեան փնտռտուքը Հայաստանի մէջ փոխակերպուեցաւ մանրածախ քաղաքական առեւտուրի: Իսկ անոր համար ալ ան չի ցանկար իր ժամանակը, գիտելիքները եւ փորձառութիւնը վատնել:

Ռոպերթ Քոչարեան նաեւ քննադատութեան ենթարկեց Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները` նշելով, թէ երկրէն բնակչութեան արտահոսքը կը շարունակուի, տնտեսութիւնը պիտի չհասնի նախաճգնաժամային մակարդակին, իսկ քաղաքական մրցակցութիւնն ալ «տիկնիկային» դարձած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )