Խորհրդաւոր Նոր Միջադէպ` Զօրանոցի Մը Մէջ Զինուոր Մը` Ծանր Վիրաւոր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պատասխանատու աւագ սպայ Մերի Սարգսեան news.am լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երէկ համածառայակիցին կողմէ արձակուած կրակոցի հետեւանքով գլխուն վնաս ստացած է եւ զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուած նոյն զօրամասին պարտադիր ժամկէտային զինուոր Մհեր Արմէն Պետրոսեան:

Փաստին առիթով կը կատարուի նախաքննութիւն:

Կայքէջին տեղեկութիւններով` դէպքը տեղի ունեցաւ Արարատի մէջ տեղակայուած զօրամասին մէջ. Մհեր Պետրոսեան զօրակոչուած էր Մեղրիէն` 2012-ի գարնան: Անոր առողջական վիճակը ծանր է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )