Ճատրակ. Վիյք Աան Զիի Մրցաշարք. Լեւոն Արոնեան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցող Վիյք Աան Զիի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, երէկ` Դ. հանգրուանի հանդիպումներուն կրեց իր առաջին պարտութիւնը` հնդիկ Վիշվանաթան Անանտէն:
Ըստ «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան, Արոնեան, որ կը խաղար ճերմակ քարերով, 40-րդ շարժումին պարտուեցաւ աշխարհի ախոյեան Անանտէն:
Նախքան իր այս պարտութիւնը կրելը, Արոնեան արձանագրած էր երեք հաւասարութիւն` Լոյեք Վան Վելիի, Մակնիւս Քարլսընի եւ Փենթալա Հարիքրիշնայի հետ:
Այս մրցաշարքին տիտղոսակիր Արոնեան իր կրած այս պարտութենէն ետք նահանջեց 10-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1,5 կէտ:
Երեք վարպետներ` Մակնիւս Քարլսըն, Վիշվանաթան Անանտ եւ Սերկէյ Քարժաքին ապահոված են 3-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի այս մրցաշարքի Բ. բաժինի մրցաշարքին, Սերկէյ Մովսիսեան իր կարգին պարտութիւն մը կրեց Ռիշար Ռափորէն: Հայրենի վարպետը այժմ 2 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Իսկ Գ. բաժինի մրցումներուն, Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան այժմ 2,5 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ֆեռնանտօ Փերալթա (3,5 կէտ):