Արթուր Աւակիմեան Մաս Կազմեց Ուքրանիոյ Պատանիներու Հաւաքականին

Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ 16 տարեկանէն վար ֆութպոլի պատանիներու հաւաքականի մարզիչ Օլեկ Քուզնեցով իր կազմին մէջ ընդգրկած է հայազգի միջնապահ Արթուր Աւակիմեանը, որ այսօր կը դառնայ 16 տարեկան:

Աւակիմեան մաս կը կազմէ Շախտիոր Տոնեցքի:

Նշենք, որ Ուքրանիոյ 18 տարեկանէն վար հաւաքականը եւս իր կազմին մէջ ունի հայազգի

այլ ֆութպոլիստ մը` Արթուր Միրանեան, որ իր կարգին մաս կը կազմէ Շախտիոր Տոնեցքի:

 

Share this Article
CATEGORIES