Գալուստ Պետրոսեան Տեղափոխուեցաւ Արարատ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Արարատ Երեւան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Գալուստ Պետրոսեանի հետ: Նախապէս Ուլիսի մաս կազմող Պետրոսեան մինչեւ 2014 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ:
Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց նաեւ, որ ակումբը 17-27 յունուար ուսումնամարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Ծաղկաձորի մէջ:
Անիկա կը ծրագրէ Հայաստանէն դուրս այլ հաւաք մըն ալ կատարել` 5-18 փետրուարին, սակայն այդ հաւաքին վայրը ցարդ կը մնայ անորոշ:
Հայկական աղբիւրը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ յառաջիկայ 2 եւ 4 փետրուարին Արարատ ֆութպոլի բարեկամական մրցում պիտի կատարէ յաջորդաբար Շիրակի եւ Ուլիսի դէմ:
CATEGORIES Մարզական