Իսքօ Իր Շունը Անուանեց Մեսսի
Իր լուրը քաղելով ֆրանսական հանրածանօթ «Լ՛էքիփ» մարզական օրաթերթէն` ArmFootball.com լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ սպանական Մալակա ակումբին մաս կազմող միջնապահ Իսքօ իր շունը անուանած է Մեսսի:
Ան այդ մէկը կատարած է, ոչ թէ վատ մտադրութեամբ, այլ այդ քայլով իր հիացմունքը արտայայտած է արժանթինցիին նկատմամբ:
CATEGORIES Մարզական

