Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Սիթի Արձանագրեց Իր 30-րդ Յաղթանակը. Տանքըն Նշանակեց 41 Կէտ

Թիմ Տանքըն

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր 30-րդ յաղթանակը (ամէնէն շատը` բոլոր խումբերուն մէջ), երբ 102-90 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆէոնիքս Սանզը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 41 կէտ, իսկ անոր խմբակից Ռասըլ Ուեսթպրուք` 36 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք 12-91
Պոսթըն Սելթիքս – Շարլոթ Հոռնեթց 100-89
Շիքակօ Պուլզ – Աթլանթա Հոքս 97-58
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 99-73
Տալաս Մավըրիքս – Մինեսոթա Վուլվզ 113-98
Եութա Ճեզ – Մայեմի Հիթ 104-97
Օքլահոմա Սիթի – Ֆէոնիքս Սանզ 102-90
Սաքրամենթօ Քինկզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 124-118

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.

ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Նիւ Օրլինզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Պրուքլին Նեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Տենվըր Նակեթց – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ

Share this Article
CATEGORIES