Էրիքսըն Միացաւ 1860 Միւնիխի Մարզիչներու Խումբին
Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Սվեն – Կորան Էրիքսըն համաձայն գտնուեցաւ միանալու 1860 Միւնիխի մարզիչներու խումբին, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Սակայն ակումբին գլխաւոր մարզիչը պիտի մնայ Ալեքսանտր Շմիթ: Էրիքսըն անոր օգնականը ըլլալով պիտի փորձէ իր ամէն կարելին ընել` օգտուելով իր ունեցած փորձառութենէն, որպէսզի խումբը աւելի առաջնակարգ դիրքեր գրաւէ:
64 տարեկան շուէտացին, որ 2001-2006 տարիներուն եղած է Անգլիոյ մարզիչը, առանց որեւէ տիտղոսի տիրանալու անցեալին եղած է նաեւ Ա. Էս. Ռոմայի, Մանչեսթըր Սիթիի, Լացիօ Ռոմայի, Սամտորիայի եւ Պենֆիքայի մարզիչ:
CATEGORIES Մարզական