Յուշատետր. Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան, 1867-1914). Ֆետայական Շարժման Եւ Ժողովրդային Ինքնապաշտպանութեան Դաշնակցական Հայդուկապետը

Ն.

«Ի՛նչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է: Եւ մի ազգ,  եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ. միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ` քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:

Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ամբողջական   ազատագրութեան շարունակուող երթին մղում ու թափ տուող եւ մարտունակութիւն սորվեցնող այս մեծ պատգամը կը պատկանի հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին դաշնակցական հայդուկապետին` Նիկոլ Դումանի, որուն ծննդեան տարեդարձը կը զուգադիպի 12 յունուարին: 1867-ի այս օրը Արցախի Խաչէն գաւառի (Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջան) Ղշլաղ գիւղը հայ ժողովուրդին պարգեւեց ծնունդը Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեանի, որ ճակատագրուած էր հայոց նորագոյն շրջանի պատմութեան վրայ իր անջնջելի դրոշմը դնելու իբրեւ առասպելատիպ Նիկոլ Դուման:

Գերազանցապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ էր Դուման, որ իր գործով ու նկարագրով ազգային արժէքի վերածեց հայու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կերպարը: Իբրեւ այդպիսին` միայն Դաշնակցութեան չպատկանեցաւ, այլեւ արժանացաւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու հոսանքներուն անվերապահ գնահատանքին ու պաշտամունքին: Պատահական չէր, ո՛չ ալ զարմանալի, որ 28 սեպտեմբեր 1914-ին Թիֆլիսի մէջ հայ ժողովուրդը ազգային աննախադէպ յուղարկաւորութեան արժանացուց իր հերոսական զաւակին: Նոյնպէս պատահական չէր, ո՛չ ալ զարմանալի, որ ինքնասպան եղած Դումանի անշնչացած մարմինը թաղուեցաւ հայոց Խոջեվանքի պանթէոնին մէջ, Սիմոն Զաւարեանի աճիւններու կողքին: Ի վերջոյ, ինչպէս Իշխանը` Յովսէփ Արղութեան դամբանական իր խօսքին մէջ օրին պիտի ընդգծէր, եթէ Զաւարեան հանդիսացաւ «մեր ազատագրութեան խիղճը», Դուման եղաւ «մեր ազատագրութեան մարտիկը»: Ի վերջոյ նաեւ հազուադէպ կը պատահի, որ ինքնասպանութիւն գործողը նման յարգանքի եւ մեծարանքի արժանանայ: Բայց Նիկոլ Դուման իր մահուան պարագաներովն ալ ամրագրեց իր անուան շուրջ արդարօրէն հիւսուած մեծագործ յեղափոխականի դիւցազնապատումը:

Թոքախտէ հիւծած «մեր ազատագրութեան մարտիկը», ի լուր հայ կամաւորական շարժման շղթայազերծման համար Թիֆլիս հաւաքուած դաշնակցական քաջարի հայդուկներուն զօրաշարժին եւ ապրելով այն անհուն տառապանքը, որ ի վիճակի չէր այլեւս իր բաժին մասնակցութիւնը բերելու հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան ու ազատագրութեան օրհասական գուպարին, նախընտրեց սեփական ատրճանակով վերջ տալ իր… սպառած կեանքին: Եւ այսօր, իր ծննդեան 146-րդ տարեդարձին առիթով, Դումանի յիշատակին յարգանքի տուրք ընծայաբերելով` կ՛արժէ նորովի լուսարձակի տակ առնել, թէ ի՛նչն է գաղտնիքը Նիկոլ Դումանի մեծութեան: Ռուբէնի գնահատումով` Դումանի առասպելական հռչակին եւ հերոսական մեծութեան գաղտնիքը պէտք է փնտռել «ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»-ին մէջ, որ անդաւաճան ընկերը եղաւ Դումանի յեղափոխական կեանքին:

Անառարկելիօրէն պողպատեայ կամքի տէր էր Դուման: Յեղափոխականի իր առաջին քայլերէն սկսեալ, իբրեւ Թաւրիզի մէջ հազիւ 24 տարեկան դաշնակցական ուսուցիչ-գործիչ, Դուման դրսեւորեց թէ՛ գաղափարական-կազմակերպական, թէ՛ մարտական-ռազմական երկաթեայ կարգապահութիւն: Հետագայ իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին, սահմանը անցնող ֆետայական խումբերու կազմակերպումէն մինչեւ Վասպուրականի մէջ դաշնակցական կազմակերպութեան ստեղծումը, Խանասորի արշաւանքին մտայղացումէն մինչեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ռազմական ղեկավարումը, Դուման ամէն քայլափոխի առաջնորդուեցաւ հայ յեղափոխականի պողպատեայ կամքն ու երկաթեայ կարգապահութիւնը ամրապնդելու եւ հզօրացնելու հետեւողականութեամբ:

Անվարան կարելի է շեշտել, որ Դաշնակցութիւնը յատկորոշող կազմակերպական երկաթեայ կարգապահութեան արմատաւորումին մէջ մեծագոյն ներդրումը ունեցող գործիչներէն եղաւ Նիկոլ Դուման: Նիկոլ Դումանի «պողպատեայ կամք»-ին ուղղակի դրոշմը անզուգական է հայ ազատագրական շարժման բնորոշ դաշնակցական կարգապահութեան մեծ աւանդին վրայ: Միայն Դումանի օրինակով ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ նկարագիրը կրնար, Խանասորի արշաւանքին ծրագիրը յղանալով եւ անոր իրականացման մէջ հիմնական ներդրում ունենալով հանդերձ, համեստօրէն Վարդանին յանձնել արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարութիւնը եւ ինք բաւարարուիլ յիսնապետի պաշտօնով: Դարձեալ Դումանի օրինակով խոնարհ, ընկերասէր եւ ժողովրդային մարդը կրնար, մտաւորական մեծ պաշարի տէր ըլլալով եւ հայկական ազատամարտի ռազմավարական ուղղութեան հունաւորման ու մշակման մէջ վճռական խօսք ունենալով հանդերձ, կուսակցական պատասխանատու մարմիններու անդամակցութենէն հեռու մնալ եւ ամբողջ ուժերով նուիրուիլ յեղափոխական-ռազմական կենդանի գործին:

Որքան դիպուկ է Գաբրիէլ Լազեանի այն բնութագրումը, թէ Նիկոլ Դուման եղաւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին ամէնէն մտաւորական ֆետային, որ հաւասարապէս ե՛ւ մարտիկ-ֆետայիներու, ե՛ւ մտաւորական-քաղաքական գործիչներու ակնածանքին արժանացաւ: Եթէ թոքախտը չհիւծէր զինք եւ Դուման ինքնասպանութեամբ վերջ չտար իր կեանքին, անվարան կարելի է համոզուած պնդել, թէ Ա. Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան եւ յետ Հայաստանի անկախացման շրջանի պատմակշիռ իրադարձութեանց մէջ, հայ ժողովուրդը անպայման պիտի օգտուէր Նիկոլ Դուման անունով անմահացած «Ղարաբաղցի լեռնականի պողպատէ կամք»-ին հրաշազօր եւ առաջնորդող ներկայութենէն: Թէեւ պատմութիւնը «եթէ»-ներով չի շարժիր, բայց անպայման ի վիճակի կ՛ըլլանք պատմութեան անիւը յառաջ մղելու, եթէ Նիկոլ Դումանի անձին, գործին եւ մանաւանդ պատգամին ներշնչումով սերունդէ սերունդ ձայն տանք իրարու, թէ` «Ով որ կարծում է, թէ ինքնապաշտպանութեան ապահովումը կարելի է ձեռք բերել միշտ մնալով պաշտպանողական սահմաններում, նա չարաչար սխալւում է: Պաշտպանողական սահմաններում ապահով մնալու համար հարկաւոր է, որ յարձակման ենթարկուող կողմն ընդհարման բոլոր կէտերում լինի թուով աւելի, քան` հակառակորդը, որակով բարձր եւ ունենայ աւելի կատարելագործուած զէնքեր ու առատ ռազմամթերք: Բայց որովհետեւ բոլոր կէտերում անկարելի է ունենալ այդ առաւելութիւնները, ուստի անհրաժեշտ է դառնում որոնել կռուի համար ուրիշ աւելի նպատակայարմար գործելակերպ (թաքթիք): … Պէտք է փոխարէնը (յարձակման) անպատճառ հատուցանել անյապաղ, որպէսզի նա (յարձակուողը) չխրախուսուի անպատիժ յաղթութիւնից եւ չանի նորանոր քայլեր: Այստեղից պարզ երեւում է, որ երկու դէպքումն էլ հակայարձակումը դառնում է հրամայական»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )