Քրասնոտար Հետաքրքրուած` Խուաքին Պօղոսեանով
Իր լուրը քաղելով Lifesports.ru կայքէջէն, ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Քրասնոտար հետաքրքրուած է ուրուկուէյահայ Խուաքին Պօղոսեանով:
Ըստ վերոնշեալ կայքէջին, այս փոխանցումը կատարելով ռուսական ակումբը կ՛ուզէ Եուրա Մովսիսեանի ձգած բացը գոցել:
Թէեւ ներկայիս Պօղոսեան մաս կը կազմէ աւստրիական Ռետ Պուլ խումբին, սակայն խումբին կատարած մրցումներուն դաշտ չի ներկայանար:
Ան մինչեւ 2014 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ռետ Պուլի հետ:
Անոր փոխանցման արժէքը շուրջ 800 հազար եւրօ է:
CATEGORIES Մարզական