Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան աթլեթիզմի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ որ արդէն իսկ սկսած են աթլեթիզմի փորձերը` նախորդ դեկտեմբերէն սկսեալ եւ կը շարունակուին ամէն  կիրակի առաւօտեան ժամը 8:00-էն 10:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ:

Բոլոր այն ՀՄԸՄ-ական անդամները, մարզիկները եւ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ եւ պատրաստուիլ աթլեթիզմի (կարճ վազք, երկար վազք, գունտ, բարձրութիւն, մէկ քայլ ոստում) մարզաձեւերուն, կրնան ներկայ ըլլալ կիրակի առաւօտները:

ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ` ՀՄԸՄ-ի աթլեթիզմի յանձնախումբը կազմակերպած է միջմասնաճիւղային վազքի մրցումներ, որոնք տեղի պիտի ունենան կիրակի, 10 փետրուար 2013-ին:

Մասնակցիլ փափաքող մարզիկները իրենց անունները պէտք է ներկայացնեն իրենց մասնաճիւղերու վարչութեանց, որոնք իրենց կարգին այդ անունները պէտք է փոխանցած ըլլան առաւելագոյնը մինչեւ 25 յունուար:

ՀՄԸՄ-Ի ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Share this Article
CATEGORIES