Կիրակի, 20 Յունուարին` Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընդհանուր Ժողովը
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը լիբանանեան Ա., Բ., Գ. եւ Դ. ակումբները հրաւիրեց ընդհանուր ժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 20 յունուարին` «Քորալ Պիչ» պանդոկի «Ամպասատոր» սրահին մէջ:
Բոլոր ակումբները պարտին այս ժողովին ներկայ գտնուիլ կա՛մ իրենց նախագահներով, կա՛մ իրենց ընդհանուր քարտուղարով եւ կա՛մ ակումբներուն կողմէ լիազօրուած անձերով:
Այս ընդհանուր ժողովին տեղի պիտի ունենայ ծրագիր-կանոնագիրի վաւերացում` ներկայութեամբ ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչ Փրիմօ Քորվարոյի:
Ֆետերասիոնը շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ եթէ ակումբներուն կողմէ լիազօրուած անձերը իրենց հետ բերած չըլլան իրենց լիազօրագիրները, իրաւունք պիտի չունենան այս ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուիլ:
CATEGORIES Մարզական

