«Ազդակ»-ի 2013-ի Բացառիկի Շնորհահանդէս` Երեւանի Մէջ
Այսօր Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ազդակ»-ի 2013-ի բացառիկի շնորհահանդէսը:
Շուրջ 300 էջնոց հատորին բովանդակութիւնը պիտի ներկայացնէ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան: Բոլոր ներկաները բացառիկէն պիտի ստանան մէկական օրինակ:
Այս տարուան «Ազդակ»-ի բացառիկին մէջ ներառուած են շուրջ երեք տասնեակ ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը ներառեն հայութիւնը յուզող բազմաթիւ խնդիրներ` սուրիահայութեան տագնապ, հայութիւն եւ Հայ դատ, մշակոյթ եւ արուեստ, Հայ գիրքի 500-ամեակ, Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներ:
CATEGORIES Գաղութային