«Քառնըկի»-ի Պէյրութի Կեդրոնին Մէջ Տարօն Աճեմօղլուի Եւ Ճէյմս Ռոպինսընի Նորատիպ Գիրքի Ներկայացում

Չորեքշաբթի, 16 յունուարին, «Քառնըկի Միտըլ Իսթ Սենթըր» վերլուծական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայազգի փրոֆ. Տարօն Աճեմօղլուի եւ բրիտանացի փրոֆ. Ճէյմս Ռոպինսընի 2012-ին լոյս տեսած «Ինչո՞ւ պետութիւններ կը ձախողին. Զօրութեան, բարգաւաճման եւ աղքատութեան պատճառները» խորագրեալ գիրքին ներկայացումը, որուն ներկայ էին Չինաստանի, Եգիպտոսի, Արժանթինի, Ռումանիոյ, Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ օտար թէ լիբանանցի ակադեմականներ:

15 տարուան վրայ երկարող հետազօտութեան արդիւնք եղող գիրքը կը քննարկէ հարստութեան եւ աղքատութեան, առողջութեան եւ վատառողջութեան, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի եւ սովի միջեւ գոյութիւն ունեցող բացերը եւ հիմնուած է պատմական փաստերու վերլուծումին վրայ ու արդի ընկերութիւններու համար քաղաքական տնտեսութեան նոր տեսութիւն մը կը ներկայացնէ:

«Քառնըկի»-ի Պէյրութի կեդրոնին տնօրէն Փոլ Սալեմի ողջոյնի խօսքէն ետք, խօսք առաւ գիրքի համահեղինակ փրոֆ. Ռոպինսըն, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրքին միտք բանին` նշելով, որ այն երկիրները, որոնք քաղաքական եւ տնտեսական ներառական (inclusive) հաստատութիւններ կը ստեղծեն` կը յաջողին, իսկ այն երկիրները, որոնք քաղուածական (extractive) քաղաքական ու տնտեսական հաստատութիւններ կը ստեղծեն` կը ձախողին: Ան նշեց, որ տնտեսական ներառական հաստատութիւններու հաստատումը ի վերջոյ քաղաքական ներառական հաստատութիւններու հաստատման կ՛առաջնորդէ:

Պատասխանելով Չինաստանի տնտեսութեան յաջողութեան մասին հարցումի մը` փրոֆ. Ռոպինսըն ընդգծեց, որ այդ երկրին արձանագրած յաջողութիւնը ոչ թէ շնորհիւ ամբողջատիրական վարչակարգին է, այլ ի հեճուկս այդ վարչակարգին: Ան ըսաւ, որ Չինաստան ներառական տնտեսական հաստատութիւններ եւ քաղուածական քաղաքական հաստատութիւններ ունի, ինչ որ շատ անկայուն կացութիւն մըն է, որ կրնայ փոխանցման երկարատեւ հանգրուանի մը ընթացքին շարունակուիլ:

Ապա պատասխանելով Եգիպտոսի մասին հարցումի մը` բրիտանացի քաղաքական գիտնականը եւ տնտեսագէտը ըսաւ, որ բաղդատմամբ Մուպարաքի ժամանակաշրջանին, Իսլամ եղբայրներու վարչակարգը աւելի լայն համախմբում մըն է, քաղաքական մասնակիցները աւելի մեծաթիւ են, սակայն ընկերութեան բոլոր հատուածները չեն, ուստի Եգիպտոսի վիճակը թէեւ Մուպարաքի ժամանակաշրջանին հետ բաղդատաբար աւելի լաւ կրնայ ըլլալ, սակայն ի վերջոյ արդիւնքը լաւ պիտի չըլլայ:

Յայտնենք, որ «Քառնըկի» կեդրոնի հրաւէրին ընդառաջելով սոյն ձեռնարկին ներկայ գտնուած էր «Ազդակ»-ի խմբագրական անձնակազմի անդամ Վահրամ Էմմիեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )