50 Տարի Առաջ (19 Յունուար 1963)
Քարանթինայի Ահաւոր Աղէտը
165 Հայեր Անպատսպար Մնացած Են. Փութով Առաջ
Կը Տարուի Աղէտեալներուն Օգնութեան Գործը
Պէյրութի Քաղաքապետութիւնը 100 Հազար Լ. Ո. Յատկացուց
Աղէտեալներուն, Որոնք Ռեժիի Շէնքերը Պիտի Տեղաւորուին
Հինգշաբթի գիշեր Քարանթինայի մէջ պատահած ահաւոր հրդեհը խոր յուզում ստեղծեց Լիբանանի բոլոր շրջանակներուն մէջ: Ուրբաթ առտու միայն յայտնի եղաւ, թէ որքա՛ն մեծ եղած է տարողութիւնը աղէտին, որուն պատճառով 150 խրճիթներ հրոյ ճարակ դարձած են աւելի քան 600 հոգի անպատսպար մնացած:
Կառավարութիւնը անմիջապէս մտահոգուեցաւ այս ծանր աղէտով, որ կը հարուածէր համեստ դասակարգի պատկանող հարիւրաւոր ընտանիքներ: Քիչ անդին կու տանք այն ժողովը, որուն ընթացքին կառավարութիւնը կազմեց յանձնախումբ մը` զբաղելու համար աղէտեալներու օգնութեան խնդրով:
Ինչպէ՞ս Սկսաւ Հրդեհը
Գիշերուան ժամը ճիշդ 9:00-ին Քարանթինայի կեդրոնական թաղին մէջ գտնուող արաբական ընտանիքի մը խրճիթէն սկսաւ հրդեհը` օճախի մը մօտ եղող պենզինի շիշը կրակ առած ըլլալով: Բոցերը արագօրէն սկսան տարածուիլ խիտ տուներու շարքերէն ներս` սրտաճմլիկ տեսարան մը պարզելով ամբողջ շրջանին մէջ: Միաժամանակ տեղի ունեցած երկու պիւթակազի շիշերու պայթումը աւելի վախ եւ խուճապ ստեղծեց շրջանի բնակչութեան մէջ: Կրակ առած խրճիթին տանտիկինը, որ առիթ չէր ունեցած փախչելու, իր 14 տարեկան զաւկին հետ, այրեցան ու տեղւոյն վրայ մահացան: Կան նաեւ այրուցք ստացած բազմաթիւներ, որոնց մէջ կը գտնուին քանի մը հայեր:
Հրշէջներու Ուշացումը
Անմիջապէս որ կրակը ծայր տուած է, հեռաձայնային դիմումներ կատարուած են հրշէջներու կեդրոնը, բայց դժբախտաբար հրշէջ խումբը չէ կրցած ժամանակին հասնիլ եւ հազիւ երեք քառորդ ժամ ետք սկսած է մարելու գործողութիւնը: Միւս կողմէ, հրշէջները մեծ դժուարութիւններու մատնուած են շրջանի փողոցներու նեղութեան պատճառով: Այս կացութեան առջեւ կարիքը զգացուած է նաեւ օդակայանի հրշէջներուն, որոնց հասնելէն ետք միայն կարելի եղած է կրակը զսպել:
Օգնութեան Գործի Կազմակերպումը
Աղէտին լուրը իմանալով` անմիջապէս Քարանթինա փութացած են Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան, պետական երեսփոխաններ` զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Վարդգէս Շամլեան եւ Մովսէս Տէր Գալուստեան, որոնք օգնութեան գործը կազմակերպած եւ անմիջական անհրաժեշտ միջոցներու կարգադրութեամբ զբաղած են: Իրարու ետեւէ օգնութեան հասած են բանակը եւ թիւ 16 ջոկատը:
Հրդեհը աւերած է շուրջ 150 տուներ, որոնցմէ երեսունը կը պատկանին հայերու: 165 հայեր անպատսպար մնացած են, իսկ բազմաթիւ արաբ հայրենակիցներ նոյն վիճակին ենթարկուած են:
Նիւթական վնասները անհաշուելի համեմատութիւններու հասած են: Հրոյ ճարակ դարձած խրճիթներու մէջ գտնուող բոլոր գոյքերն ու կարասիները այրած են: Շատեր հազիւ կրցած են գիշերանոցով մը փախչիլ իրենց տուներէն:
Առաւօտուն աղէտին վայրը հասած են պետական երեսփոխաններ` Ժոզեֆ Չատըր եւ Խաչիկ Պապիկեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ` Ուաֆիք Նսուլի եւ Ժիրայր Խաչատուրեան, որոնք տեղւոյն վրայ արձանագրութիւններ կազմած են անպատսպարները տեղաւորելու եւ պարենաւորելու համար: Միւս կողմէ, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էմին Պէյհում ամբողջութեամբ տրամադրուած է աղէտեալներու օգնութեան գործին եւ դիմումներ կատարած` առողջապահական նախարարութեան, բանակի հրամանատարութեան եւ լիբանանեան Կարմիր խաչին:
Քարանթինա փութացած էին նաեւ առաջնորդական տեղապահ տէր Յարութիւն Ա. քհնյ. Կէպէնլեան` ընկերակցութեամբ Քաղաքական ժողովի ատենապետ Ռուբէն Մաւիսագալեանի, Լիբանանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան գործավար Լ. Սասունի, Զուիցերիական բարեսիրական հաստատութեան տնօրէնուհի Վիցցիման, Գարակէօզեան հիմնարկութենէն Դաւիթեան:
Անմիջական օգնութեան հասնելու տրամադրութեամբ, հեռաձայնած են Ապրոյեան գործատունը եւ Միսաք Ազիրեան:
Առտուն Կեդրոնական կոմիտէն, Քարանթինայի կոմիտէն, Օգնութեան խաչը, թաղականութիւնը, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը միասնաբար կազմած են յանձնախումբ մը` զբաղելու համար օգնութեան գործով:
Կէսօրէ ետք, ժամը 1:00-ին, բանակի ներկայացուցիչ սպաներ, ընկերակցութեամբ քաղաքապետութեան անդամ Ժիրայր Խաչատուրեանի, եկած են աղէտին շրջանը եւ տեղւոյն վրայ ստուգումներ կատարելէ ետք, ընտրուած են երկու բացօթեայ յարմար վայրեր` հայերու եւ արաբներու յատուկ վրաններ լարելու համար: Բանակը տրամադրած է 150-200 վրաններ եւ 600 ծածկոց` աղէտեալները պատսպարելու համար:
Ուաֆիք Նսուլիի եւ Ժիրայր Խաչատուրեանի անմիջական կարգադրութեամբ թրաքթէօրներ սկսած են հարթել հրդեհուած վայրը` հաւանական համաճարակներու առաջքը առնելու մտահոգութեամբ:
Կէսօրին արդէն Լիբանանահայ օգնութեան խաչը իր «Պնակ մը կերակուր»-ի ձեռնարկով կերակրած էր աղէտեալները: Իսկ Լիբանանեան կարմիր խաչը պիտի զբաղի պարենաւորման եւ զգեստաւորումի խնդրով:
Վերջին պահուն կ՛իմանանք, որ ներքին գործոց նախարարը շփման մէջ մտած է ֆրանսական դեսպանատան հետ եւ` խնդրած, որ աղէտեալները առժամապէս ապաստան գտնեն Նահրի մէջ գտնուող Ռեժիի նախկին շէնքերուն մէջ, որոնք ֆրանսական ստացուածք են:
Միւս կողմէ, փոխ վարչապետ Ֆիլիփ Պուլոս եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլ եւս այցելած են աղէտահար շրջանը եւ խոստացած` ամէն օժանդակութիւն ընծայել աղէտեալներուն:
Իսկ երեկոյեան մօտ շրջան այցելած է ներքին գործոց նախարար Քամալ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ պետական երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի` վերջին կարգադրութիւնները ընելու համար: