Օր Մը Խամ Լա Ընտանիքին Հետ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Խամ Լա ընտանիքը կ՛ապրի Ասիոյ մէջ գտնուող Լաոսի հիւսիսը: Իրենց գիւղի միւս բնակիչներուն նման անոնք երկրագործ են, ջուլհակ, կերպասներու ներկարար… Անոնց մօտ ընտանիքին բոլոր անդամները աշխատանքներուն կը մասնակցին, եւ օրերը յաճախ շատ երկար կ՛ըլլան:
Առտուն Կանուխէն
Խիտ անտառներով եւ բարձր լեռներով շրջապատուած գիւղին մէջ ամբողջ Խամ Լա ընտանիքը կ՛արթննայ առտու շատ կանուխ, աքլորներու կանչին հետ: Խամ Լա ընտանիքին մէջ երեք սերունդ միասին կ՛ապրի մէկ տան մէջ. մեծ հայրերը, ծնողները եւ զաւակները:
Առտուն 7 տարեկան Խէոմանին է, որ նախաճաշի բրինձը կը պատրաստէ եւ անասունները կը կերակրէ: Անոր ծնողներուն համար շատ կարեւոր է, որ իրենց զաւակները դպրոց երթան, սակայն անոնք անոնց պէտք ունին իրենց օգնելու համար:
Դպրոցէն Ետք Քաղել Եւ Հաւաքել
Երբ մանուկները դպրոցը կը գտնուին, ծնողները եւ մեծ հայրերը դաշտերուն մէջ կ՛աշխատին: Անոնք բրինձ, եգիպտացորեն եւ բամպակ կը մշակեն: Երբ Խէոմանի դպրոցէն կը վերադառնայ, շունչ առնելու ժամանակ չունի: Ան իր 4 տարեկան փոքրիկ քրոջ, զարմիկին եւ հօրեղբօր հետ կ՛երթայ բանջարանոցին մէջէն բանջարեղէններ հաւաքելու, անտառէն փայտ բերելու եւ կարգ մը հիւանդութիւններ խնամող խոտեր եւ բոյսեր քաղելու:
Կապոյտ Կերպասի Երկիրը
Խէոմանիի ապրած շրջանը ճանչցուած է իր գեղեցիկ կապոյտ կերպասներով: Անոր բնակիչները բամպակ կը մշակեն, կիները եւ աղջիկները այդ բամպակը կը մանեն եւ կը հիւսեն: Խէոմանի յաճախ իր մօր կ՛օգնէ այս աշխատանքներուն մէջ: Ապա երկուքը միասին այս կերպասները գեղեցիկ կապոյտ գոյնով մը կը ներկեն` զանոնք մեծ կաթսաներու մէջ թաթխելով եւ զանոնք արեւուն տակ կը փռեն, որպէսզի չորնան:
Բրինձ Եւ Պամպու
Ժամը եօթին ամբողջ ընտանիքը կը հաւաքուի ցած սեղանի մը շուրջ, ընթրիքի համար: Ճաշացուցակին վրայ կան կպչուն բրինձ եւ եփուած պամպուի կտորներ, զորս ցպիկներով կ՛ուտեն:
Ընթրիքէն ետք երբեմն դրացիները այցելութեան կու գան` ֆութպոլի խաղ մը դիտելու պատկերասփիւռէն:
Իսկ երբ քնանալու ժամը կու գայ, սեղանները կը հրուին: Իւրաքանչիւրը կը բանայ իր անկողինը, կը դնէ իր մժեղարգելը եւ կը քնանայ հանգստանալու եւ կազդուրուելու համար:
Խոհագիր
Նիւթելլայով «Ֆոնտան»
– Նախօրեակին սառի ամանի տասը քառակուսիներու մէջ նիւթելլա դիր, եւ զայն սառցարանի բաժինին մէջ դիր:
– Մեղմ կրակի վրայ սանի մը մէջ 200 կրամ սեւ տուրմ հալեցուր 200 կրամ կարագի հետ. ձգէ, որ գաղջ դառնայ:
– Խորունկ ամանի մը մէջ մեքենայով զօրաւոր զարկ 5 հաւկիթ, 200 կրամ շաքարի հետ:
– Հաւկիթի եւ շաքարի խառնուրդը աւելցուր հալած տուրմին վրայ:
– Վրան աւելցուր 70 կրամ ալիւր, եւ պտղունց մը աղ: Լաւ խառնէ:
– Տասը պզտիկ կաղապարներու մէջ դիր նիւթելլայի տասը «սառերը» եւ ապա զանոնք ծածկէ կարկանդակի խմորով:
– Ուշադրութի՛ւն: Կաղապարիդ միայն 3/4 լեցուր, որովհետեւ խմորը պիտի ուռի:
– Կարկանդակները 175 աստիճանի տաքութեամբ փուռին մէջ եփէ 10 վայրկեան եւ այս «ֆոնտանները» գաղջ համտեսէ:
Ձեռային Աշխատանք
Անձնական Էջացոյց
– Պէտք ունիս 18 x 5 սմ երկու բարակ խաւաքարտերու:
– Մէկ խաւաքարտին վրայ փակցուր դիմանկարներէդ մէկ հատը:
– Ապա թերթերուն մէջերէն կտրէ հագուստներու տարբեր բաժիններ եւ զանոնք փակցուր գլխուն հետեւողութեամբ: Ընտրէ նկարներ, որոնց չափերը իրարու կը համապատասխանեն:
– Խաւաքարտին ետեւի կողմէն բուրդի երկու կտոր փակցուր ոտքերուն փոխարէն:
– Ապա վրան փակցուր խաւաքարտի կտորը` բուրդին ծայրերը ծածկելու համար:
– Բուրդին դուրս մնացած ծայրերուն վրայ կօշիկի նկարներ փակցուր:
Հիւսուած «Կրաֆֆիթի»
Կը կարծէինք, թէ հիւսքը միայն մեծ մամաներո՞ւն յատուկ ժամանց մըն էր…
Ներկայիս միջավայրով զբաղող արուեստագէտներն ալ առած են իրենց բուրդի կծիկները եւ հիւսքի ճաղերը եւ գտած ուրիշ ձեւ մը` իրենց շուրջը գոյն դնելու եւ գեղեցկացնելու:
Տասնեակաւոր բուրդի կծիկներ գործածուած են, օրինակի համար, ամբողջ փոխադրակառք մը կերպարանափոխելու: Այս ձեւով, այս իւրայատուկ «արուեստագէտները» հիւսած են ձեռնոցներ` արձաններուն համար, փուլ-օվըրներ` ծառերուն համար…
Անասուններու Յատուկ
Ինքնաշարժի Գօտիներ
Մեզի շատ հաճելի կը թուի տեսնել անցնող ինքնաշարժի մը բաց պատուհանէն անասունի մը գլուխը, որ օդը կը շնչէ:
Սակայն այս տեսարանը անցեալին պատկանող դէպք մը կրնայ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու Ֆիլատելֆիոյ քաղաքին մէջ, ուր ինքնաշարժի վարիչները կրնան 250-1000 տոլարի տուգանքի մը ենթարկուիլ, եթէ անոնց շունը կամ կատուն ինքնաշարժի նստարանի գօտի չէ դրած:
Այս որոշումը առնուած է, որովհետեւ վտանգաւոր է քշողի մը համար իր անասունը իր ծունկերուն վրայ ունենալ քշելու ընթացքին. ան կրնայ ցրուիլ, չկարենալ կառավարել իր անասունը…
Արտայայտուելու Համար…
Ճափոնցիները դժուարութիւն ունին իրենց զգացումները արտայայտելու: Սակայն անոնք գտած են լուծումը` «նեքոմիմին»: Անիկա ունի տարօրինակ անուն մը եւ բանելու իւրայատուկ ձեւ մը:
Անիկա ունի գլխու թագի ձեւը, վրան` երկու պզտիկ կատուի ականջներով, որոնք կը շարժին ըստ մեր ուղեղին գործունէութեան (հանգիստ, կեդրոնացած…):
Շուկայ իջնելէն նուազ քան երեք ամիս ետք 10 հազար ճափոնցիներ արդէն գնած էին 100 տոլար արժող այս գործիքը:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ…
- Մենք ամրան աւելի արագ կ՛աճինք, քան աշնան:
- Թեւատներուն աղտոտութիւնները կրնան երբեմն վարդագոյն ըլլալ:
- Եթէ մենք կարելիութիւնը ունենայինք քշելով արեւ հասնելու, մօտաւորապէս 190 տարիէն կրնայինք հոն հասնիլ:
- Ձմերուկներուն 92 առ հարիւրը ջուր է:
Ժամանց












