«Ատանայի Հայոց Պատմութիւն» (Խմբագրեց` Բիւզանդ Եղիայեան) (Վերահրատարակութիւն)

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հրամանաւ ՆՍՕՏՏ Արամայ սրբազնագոյն կաթողիկոսի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, 2012-ին, Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն վերահրատարակեց «Ատանայի հայոց պատմութիւն» խորագրեալ պատմագիրքը` խմբագրութեամբ Բիւզանդ Եղիայեանի եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Մարալ Մահսերեճեաններու:

Յիշեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 1068 էջերէ, նախապէս լոյս տեսած է 1965 թուին հայոց եղեռնի յիսնամեակին առիթով:

Հատորին խմբագիրը` Բիւզանդ Եղիայեան, ծնած է 1 դեկտեմբեր 1900-ին, Ատանա: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ: Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է նախ Տարսոնի ամերիկեան «Սէն Փոլ՛զ քոլեճ»-ին  եւ, ապա, Զմիւռնիոյ ամերիկեան «Ինթըրնեշընըլ քոլեճ»-ին մէջ, զոր աւարտած է 1922-ին: 1924-ին անցած է Աթէնք, ուր ամերիկեան «Սքուլ աֆ ռիլիճըն»-ի մէջ ուսանած մանկավարժութիւն, ընկերաբանութիւն եւ աստուածաբանութիւն: 1928-ին մեկնած է Ժընեւ, ուր «Էնսթիթիւ տէօ Հոթ Էթիւտ Էնթերնասիոնալ»-ի մէջ հետեւած է միջազգային օրէնսգիտութեան եւ քաղաքական գիտութեանց դասընթացքներուն:

1929-էն սկսեալ վարած է ուսուցչական պաշտօն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի դպրեվանքին, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններու, Նիկոսիոյ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ` դասաւանդելով մանկավարժական, պատմագիտական, իմաստասիրական եւ աստուածաբանական նիւթեր:

Եղած է գործօն անդամ ազգային կրօնական, խնամակալական, կրթական, խմբագրական, գրական եւ հայրենակցական տարբեր խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու:

Բիւզանդ Եղիայեան գրած է գրական, եկեղեցական, կրթական, պատմական եւ աստուածաբանական բնոյթ կրող երկեր, ինչպէս` «Սփիւռք» եւ «Կարաւանը» խորագրեալ պատմուածքներու հատորները, «Աղօթքի հոգեբանութիւնը», «Սերունդի մը դաստիարակութիւնը», «Ատանայի հայոց պատմութիւնը», «Ժամանակակից պատմութիւն կաթողիկոսութեան հայոց Կիլիկիոյ, 1914-1972» եւ այլ հրատարակութիւններ:

Հատորը կ՛ընդգրկէ 39 գլուխներ, որոնք կը կրեն հետեւեալ ենթախորագիրները. «Պատմագրական», «Եղեռնագրական», «Ազատագրական», «Մշակութային», «Ազգագրական», «Վաւերագրական» եւ «Ժամանակագրական»:

Իր ներածական բաժինով Բիւզանդ Եղիայեան կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ պայմաններու տակ գրուեցաւ «Ատանայի հայոց պատմագիրքը»: Անհրաժեշտ ծանօթագրութիւններով ներկայացնելէ ետք սոյն հրատարակութեան տուն տուող պատճառները, կ՛ըսէ. «Գոհութեամբ այս պատմագիրքը կը կանգնենք որպէս «դամբանաքար» մեր նահատակ հայրերու սուրբ աճիւններուն»:

Ներկայացնելով աշխարհագրական դիրքն ու գեղեցկութիւնը հայկական Կիլիկիոյ` Եղիայեան կ՛ըսէ, թէ Կիլիկիան կը բաժնուի գլխաւոր երեք շրջաններու` ծովեզերեայ, դաշտային եւ լեռնային:

Կը նկարագրէ Ատանայի ծագումը, ազգագրութիւնը, քաղաքական կացութիւնը` կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք եւ նաեւ` անոր հնագիտական արժէքները, ինչպէս` Ս. Աստուածածին, Ս. Ստեփանոս եւ Մորոթու եկեղեցիները եւ Ատանայի բերդը:

Յատուկ ծանօթագրութիւններով կու տայ պատկերը Կիլիկիոյ հայկական բերդերուն, որոնց մէջ ուշագրաւ են Անաւարզայի բերդը, Սիսի Թագաւորական բերդը, Լեւոն բերդը կամ Լեւոնկլան, Լամբրոն բերդը եւ Պապեռոն բերդը, Բաղրասի բերդը ու երեք ծովեզերեայ բերդեր: Արդարեւ, Կիլիկիոյ բերդերու կապակցութեամբ, Բիւզանդ Եղիայեան կ՛ըսէ. «Եթէ հին Հայաստան նշանաւոր եղած էր իր տաճարներու ու վանքերու ճարտարապետութեամբ, Կիլիկեան Հայաստանը նշանաւոր եղաւ իր բերդաշինական ճարտարապետութեամբ»:

Ապա Եղիայեան ցոյց կու տայ վաւերական տեղեկագիրը 1895-1896 Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած հայկական ահաւոր ջարդերուն:

Կը նկարագրէ 1909 թուականի Ատանայի կամ Կիլիկիոյ աղէտը, որ տեղի ունեցաւ երկու յաջորդական հանգրուաններով: Կ՛ըսէ, թէ թուրք զինուորներու առաջին յարձակումը սկսաւ ապրիլ մէկին եւ տեւեց մինչեւ 14, իսկ երկրորդ յարձակումը` ապրիլ 11-24:

Սոյն ջարդերուն սկիզբը, թուրք կառավարութիւնը տեսնելով, որ բազմաթիւ զոհեր կու տային, խոստացաւ անգլիական դեսպանատան միջոցով դադրեցնել կռիւները եւ ապահովութիւն ներշնչել հայ բնակիչներուն, պայմանաւ որ հայերը թուրք կառավարութեան յանձնէին իրենց բոլոր զէնքերը: Ընդառաջելով անգլիացի դեսպանի թելադրանքին, երբ Ատանայի հայերը միամտօրէն զինաթափ եղան, թուրք ոճրապարտ զինուորները, չյարգելով իրենց խոստումը, յարձակեցան անզէն եւ անմեղ հայերուն վրայ, ջարդեցին 30 հազար հայ բնակիչներ, հրկիզեցին հայկական եկեղեցիները, դպրոցներն ու թաղերը:

Ապա հատորին խմբագիրը կը նկարագրէ, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ պայմաններու տակ ծագեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը, եւ ի՞նչպէս գործադրուեցաւ Թուրքիոյ հայաջինջ ծրագիրը: Կը պատկերացնէ Ատանայի հայոց տեղահանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 1915 թուի օգոստոսէն մինչեւ հոկտեմբեր ամիսներուն: Կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ Սահակ Բ. կաթողիկոսի Երուսաղէմ փոխադրութիւնը եւ ի՞նչ նկատումով Պոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները միացան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:

1918-1921 տարիներուն Կիլիկիան կը մնայ ֆրանսական հոգատարութեան ներքեւ, երբ հայ լեգէոնականները կը տանին փառահեղ յաղթանակ թուրք զօրքերու դէմ` 1918 թուի սեպտեմբերին, Արարայի ռազմաճակատին վրայ:

Սահակ  Բ. կաթողիկոս Կիլիկիոյ հայոց դատի պաշտպանութեան համար 1920 թուին կ՛երթայ Փարիզ, ուր կ՛ունենայ պաշտօնական եւ անձնական բազմաթիւ տեսակցութիւններ Եւրոպայի երեւելի անձնաւորութիւններու հետ:

Հատորին խմբագիրը կ՛ըսէ, թէ հայերը կը կորսնցնեն Կիլիկիան, երբ ֆրանսացի զինուորները պարտադրաբար կը պարպեն զայն` քեմալական զօրքերու արշաւանքին պատճառով:

Ինչ կը վերաբերի Կիլիկիոյ ուսումնական կեանքին, կ՛ըսէ, թէ Սկեւռայ վանքն ու Դրազարկի վանքը եղած են Կիլիկիոյ թագաւորութեան կրթական կարեւոր կեդրոնները:

Թէ` 1880-ական թուականներէն սկսեալ Ատանայի մէջ կը հիմնուին ազգային վարժարաններ, որոնց շարքին կը դասուին Արամեան, Աշխէնեան Աղջկանց եւ Աբգարեան վարժարանները: Այս շրջանին կը կառուցուին նաեւ հայ աւետարանական եւ հայ կաթողիկէ դպրոցները:

Եղեռնէն ետք, երբ ատանացիները կը հաստատուին Լիբանան, Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղամասին մէջ կը կերտեն Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ անոր յարակից Ազգ. Աբգարեան վարժարանը:

Հատորին վերջին բաժինով Բիւզանդ Եղիայեան կը ներկայացնէ ատանացի արուեստագէտները, ինչպէս` Համբարձում Պէրպէրեան, Մանուկ Բարիկեան, Ալան Յովհաննէս եւ ուրիշներ:

Պէտք է ըսել, թէ հակառակ երկարամեայ ուսուցչապետի իր բազմազբաղ վիճակին` Բիւզանդ Եղիայեան «Ատանայի հայոց պատմութիւն» խորագրեալ իր ծաւալուն ուսումնասիրութեամբ կու տայ համապարփակ պատկերը Ատանայի աղէտին, իր աննախընթաց եւ տարապայման եղերականութեամբ:

Սեպտեմբեր 2012
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES