Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Թեհրան

Հոգեւոր–Կրօնական Գիրքերու
Երկօրեայ
Ցուցահանդէս–Վաճառք

Հովանաւորութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի եւ նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ Նոր Ջուղայի Կիրակնօրեայ դպրոցին, վերջերս Նոր Ջուղայի Կիրակնօրեայ դպրոցի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր-կրօնական գիրքերու երկօրեայ ցուցահանդէս-վաճառք` նուիրուած Հայ գիրքի տարուան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նոր Ջուղայի Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչուհի Դեզիրէ Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի` Հայ գիրքի տարուան հռչակումին:

Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան իր պատգամին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց հոգեւոր-կրօնական գիրքերու ցուցահանդէսին բացումը կատարելու համար եւ անդրադարձաւ Հայ գրքի տարուան ու այդ առթիւ Սպահանի հայոց թեմէն ներս իրականացուած ձեռնարկներուն:

«Արեգակ»-ի Լուսաւոր Համերգը

Նախաձեռնութեամբ Հ. Մ. «Սիփան» միութեան արուեստից բաժանմունքին, 26 դեկտեմբերին «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արեգակ» մանկապատանեկան երգչախումբին տարեկան համերգը` ղեկավարութեամբ Էմինէ Մելքոմի:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Գարուն» պարախումբը` ղեկավարութեամբ Կարինէ Պետրոսեանի:

Ձեռնարկի աւարտին երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ  «Սիփան» միութեան վարչութեան նախագահ Հայկազ Շիրվանեան:

 

Չինաստան

Հայաստանի Եւ Չինաստանի Միջեւ Դիւանագիտական
Յարաբերութիւններու
Հաստատման
20-
ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Դեկտեմբեր 21-ին Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին նուիրուած յոբելենական ծրարներու եւ անոնց վրայ փակցուած` երկու երկիրներու նամականիշերու մարման հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն համար օգտագործուեցան յատուկ այդ առիթով պատրաստուած դրոշմակնիքներ:

Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անմիջական մասնակցութեամբ մշակուած ծրարներուն վրայ Արարատ լերան կողքին ներկայացուած են Հայաստանի եւ Չինաստանի պետական դրօշները, Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ Փեքինի «Երկինքի տաճարը»: Հայկական կողմի դրոշմակնիքին վրայ ներկայացուած է Հայաստանի Ազգային օփերայի եւ պալէի թատրոնի շէնքը:

 

Փարիզ

Փարիզի Եկեղեցւոյ Մատենադարանը
Իր
Դռները Կը Բանայ Հանրութեան

Փարիզի հայոց առաքելական եկեղեցւոյ մատենադարանին դռները այսուհետեւ բաց պիտի ըլլան նաեւ հանրութեան առջեւ: Մատենադարանին մէջ կը գտնենք հայերէն,  ֆրանսերէն եւ անգլերէն աւելի քան 6000 գիրքեր: Հոն կան նաեւ թերթերու հաւաքածոներ, որմազդներ, քարտէսներ, օրացոյցներ, ժողովածուներ, փաստաթուղթեր եւ այլն:

Մատենադարանի տնօրէնն է Ժիրայր ծ. վրդ. Թաշճեան:

Կարելի է յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ հետեւեալ կայքէջէն` http://www.bibliotheque-eglise-armenienne.fr

 

Մոնթէվիտէօ

Հայրենի Արուեստագէտներ
Մոնթէվիտէոյի
Մէջ

Վերջերս ՀԲԸՄ-ի «Սամ Սիմոնեան» սրահի մէջ  տեղի ունեցաւ մշակոյթի երեկոյ` կատարողութեամբ հայրենի վաստակաշատ արուեստագէտներ Սիլվա Եուզպաշեանի եւ Ազատ Գասպարեանի:

Արուեստագէտները նաեւ առիթը ունեցան ներկայ ըլլալու «Կոմիտաս» ռատիոժամի ուղիղ եթերով սփռուող մէկ յայտագրին, որուն ընթացքին անոնք բազմահազար ունկնդիրներուն փոխանցեցին իրենց շրջագայութիւններու ընթացքին ապրուած վայրկեաններն ու անմոռաց յիշատակները:

 

Քանատա

Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի Ադամանդեայ
Շքանշան` Բագրատ Եպս. Գալստեանին

6 յունուար 2013-ին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին նշեց Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան սքանչելի տօնը:

Այս հրաշափառ օրը քանատահայոց թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանին շնորհուեցաւ Էլիզապէսթ Բ. թագուհիի ադամանդեայ յոբելեանի շքանշանը:

Իր ներածական խօսքին մէջ ՀԲԸՄ Ալեք Մանուկեան վարժարանի տնօրէն Շահէ Թանաշեան նշեց, որ Սուրբ Ծննդեան աւանդութիւն է ընտանիքէն գնահատել անդամներէն մէկը եւ «այս առումով մեծ ուրախութիւն է մեր քանատահայոց թեմի մեծ ընտանիքի համար վկայելու մեր առաջնորդին այսպիսի հեղինակաւոր գնահատանքի արժանանալը»: Ապա ան ներկայացուց խորհրդարանի երեսփոխան Ալեքսանտր Պուլերիսը, որ առաջնորդարանի պետական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեանի ընկերակցութեամբ յանձնեց շքանշանը:

Շքանշանը տրուեցաւ առ ի գնահատանք առաջնորդ սրբազանի նուիրեալ ծառայութեան եւ ունեցած աւանդին` համայնքի եւ ընդհանրապէս համաքանատական հասարակութեան կեանքի մէջ: Իր խօսքի մէջ Պուլերիս բարձր գնահատեց առաջնորդարանի ջանքերն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք իրականութիւն դարձած են սրբազան հօր հովանաւորութեամբ` հոգեւոր խնամք, զանազան կրթական եւ ընկերային ծրագիրներու իրականացում, նոր գաղթականներու քանատական կեանքին մէջ ներգրաւում:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Ա. Պուլերիսին այս պատիւի համար, զայն նկատելով ազնիւ արտայայտութիւն եւ գնահատանք` տրուած ամբողջ քանատահայութեան: Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը նշեց. «Այս շքանշանը կ՛ընդունեմ յանուն ամբողջ քանատահայութեան եւ կը նուիրեմ իմ ժողովուրդին, ով մեծ վաստակ ունի այս երկրի կեանքում նպաստելով աւելի պայծառ եւ առողջ հասարակութեան ստեղծման գործին»: Ապա խնդրեց իր շնորհակալութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել Թոմաս Միւլքերին` պաշտօնական ընդդիմութեան առաջնորդին, որ նախաձեռնած էր այս գնահատանքին, ինչպէս նաեւ` Քանատայի կառավարութեան եւ թագուհիի ներկայացուցիչ գլխաւոր նահանգապետին:

Այս ուրախալի արարողութիւնը ամփոփուեցաւ  Սուրբ գրքի ընթերցումով եւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Նահատակ Հերոս Աբօ Աշճեանի Յիշատակի
Հաւաք
` Հոլիվուտի Մէջ

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք մը` ի յիշատակ երեսուն տարի առաջ թրքական յանցագործ պետութեան կողմէ առեւանգուած Աբօ Աշճեանին:

Հաւաքին բացումը կատարեց Մարալ Թուլումեան:

Աբօ Աշճեանի առեւանգման եւ յաջորդ հանգրուանի մանրամասնութիւններուն անդրադառնալէ ետք ան ըսաւ, թէ Ա. Աշճեան

շառաւիղն էր Դրաստամատ Կանայեանի` Դրոյի թողած աւանդին: Դրոյի կողմէ կազմուած, անոր շունչին տակ դաստիարակուած ու կազմաւորուած էր:  Ընկ. Աբօ անկողմնակալ պայքարող մըն էր, որ ունէր փոթորկոտ հոգի,  «Ազատութիւն կամ մահ» հասկացողութեան նկատմամբ ամուր հաւատք եւ վճռական մօտեցում:

«Դաշնակցականի մարտական խիզախութիւնն ու անսպառ կորովը, խստապահանջ կարգապահութիւնը եւ անխարդախ նուիրումը եղան ընկ. Աբոյի ցայտուն յատկանիշները:

«Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ իր առյաւէտ բացակայութեան պայմաններուն մէջ խորհրդաւորութիւնը կը շարունակէ պարուրել մեր մեծ ընկերոջ անձն ու գործը: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ բեմերէ եւ լուսարձակներէ միշտ հեռու` լուռ անձնուիրութեան  եւ արթուն պահակի առաքելութեան կոչուած, տքնաջան աշխատանքի վարպետ Գործիչն էր ի վերջոյ  Աբօ Աշճեան: Աւելի քան քառորդ դար անդադար եւ անվեհեր վազք մը եղաւ ընկեր Աբոյի կեանքը:  Ընկ. Աբօ կը մարմնաւորէր արդարադատ բազուկը 1970-ական թուականներուն ծաւալած Հայ դատի ուժական պայքարին», յայտնեց ան:

Մարալ Թուլումեանի խօսքէն ետք «Զինուորի երգը» եւ «Անմահացած ընկ. Աբօ» երգերը կատարեցին «Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս»-ի 9-րդ կարգի աշակերտներ` Ալեքսիա Արճեան եւ Դալար Ուրֆալեան:

Ռազմիկ Դաւոյեանի «Պատգամ» բանաստեղծութիւնը արտասանեց «Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս»-ի 9-րդ կարգի աշակերտ Վանայ Պապիկեան, որմէ ետք ցոյց տրուեցաւ յատուկ պատրաստուած տեսերիզ մը:

Ապա բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սեդօ Պոյաճեան:

Ապա Յովհաննէս Թումանեանի «Հրաժեշտ» բանաստեղծութիւնը արտասանեց ՀԵԴ-ի անդամ Փաթիլ Այվազեան:

Ան Աբօ Աշճեանը նկարագրեց հետեւեալ կերպով.

«Պարզ եւ խոնարհ անուն մը: Դաշնակցական մարտիկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը:

«Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը:

«Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը:

«Միայն ընկ. Աբոն կրնար այս բոլոր արժանիքները միատեղ մարմնաւորել` իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապահանջութեամբ եւ անուշ ժպիտով»:

Բանախօսին համաձայն, Աբօ Աշճեան օրինակելի ներկայացուցիչն է պահանջատիրական նոր կերպարի եւ մշակոյթի առաքելութեան: «Հոս կը կայանայ մեր անմահ ընկերոջ վաստակին էութիւնն ու արժէքը: Այնպէս` ինչպէս Հայկական յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան «ռայա» հայը, որ կորսնցուցած էր իր մարտունակ յատկութիւնը, վերատիրացաւ անոր` Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական ազատագրման համար, նոյնպէս եօթանասունական թուականներուն սփիւռքի հայը, որ կտրուած էր իր մարտունակ աւանդէն, վերանուաճեց զայն` վերածուելու համար ազդու պահանջատէրի: Ա՛յս է ընկ. Աբոյի վաստակին հանրագումարը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեզի համար անոր կտակը»:

Հայ Ազգային Հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին
Յուշարձանը
Կը Վերանորոգուի

2012 տարեշրջանի սկզբնաւորութեան անյայտ անձեր փորձած էին վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին արծիւը վար առնել,  եւ այդ պատճառով յուշարձանին  պատերուն  մարմարները շարժած  եւ ճեղքուած էին: Տմարդի այս արարքին մասին Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն տեղեկացուց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին, որ որոշեց շատ արագ կերպով վերանորոգել յուշարձանը:

Ֆրեզնոյի վերոյիշեալ կոմիտէն յանձնարարեց Ալեքս Գունտաքճեանին` դրամահաւաք ձեռնարկելու: Ս. Թեհլիրեանին յուշարձանը ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ: Արծիւը վերաներկուեցաւ ոսկեգոյնով, պատերուն մարմարները ամբողջութեամբ փոխուեցան ցուրտի եւ տաքի դէմ շատ տոկուն մարմարներով, եւ ապահովութեան համար  անշարժ երկաթեայ անցարգելներ զետեղուեցան յուշարձանին չորս կողմը:

2012-2013 տարեշրջանի Ֆրեզնոյի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէն իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ այն բոլոր անձնաւորութեանց, որոնք օգտակար հանդիսացան սոյն գործին:

Քելի Սթիուըրթ Շահեցաւ Թատերգութեան
«
Սարոյեան» Մրցանակը

Դեկտեմբեր 8-ին Փասատինայի «Փլէյհաուս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկու տարին անգամ մը շնորհուող Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան թատերգութեան մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն, որուն ընթացքին Նիւ Եորքէն թատերագիր Քելի Սթիուըրթ ստացաւ 10,000 տոլարի մրցանակը:

Մրցանակի արժանացած գործն է «Պիլոնկինկ թու սքայ»-ը, որ երեւակայական երկխօսութիւն մըն է Աթաթիւրքի որդեգիր դստեր` հայազգի Սապիհա Կէօքչենի ու «Ակօս» թերթի սպաննուած խմբագիր Հրանդ Տինքի միջեւ:

Դատակազմի անդամներն էին` Կէյց Մըքֆետըն,  Քեթրին Ֆիլու եւ Էտուարտօ Մաչուտօ:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ժիլ Սիմոնեան, իսկ մրցանակը Սթիուըրթին յանձնեց Ուիլիըմ Սարոյեանի եղբօրորդին` Հենք Սարոյեանը, որ նաեւ ներկաներուն հետ բաժնեց Ուիլիըմ Սարոյեանին մասին իր յուշերը:

Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցաւ նաեւ բանաստեղծ, վիպագիր եւ յուշագիր Տէյվիտ Խրտեան, իսկ Հայ թատերական արուեստներու միութեան «Հայ աստղ» մրցանակը ստացաւ վիպագիր Արիս Ճանճիկեան:

Գէորգ Պետիկեանի «Դիմատետրս»
Գիրքին
Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք.  Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ  Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, 19  դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի   «Տիգրան եւ Զարուհի  Տէր Ղազարեան»  սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթ  հրապարակագիր, ուսուցիչ ու գրող Գէորգ Պետիկեանի նորագոյն գիրքին` «Դիմատետրս»  հատորին շնորհահանդէսը:

Օրուան բանախօս,  «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր  Աբօ Պօղիկեան խօսեցաւ  հեղինակին մասին` իբրեւ խմբագիրի եւ հայ  դպրութեան ծառայողի: Ան նշեց, որ հայկական  կեանքին մէջ կան ծառայողներ, որոնք իրենց  լուռ եւ հետեւողական աշխատանքով կը  նպաստեն հաւաքական կառքի անիւին  թաւալումին, ինչպէս` Գէորգ Պետիկեանը, որ իր կարգապահ եւ բծախնդիր  աշխատանքով կը  նպաստէ այդ աշխատանքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ հեղինակի կենսագրութեան,  ուսուցչական ու մշակութային գործիչի արժանիքներուն` յիշելով, որ մեր հաւաքական   կեանքին մէջ անոր ծառայութիւնները արդէն իսկ կերտած են մօտաւորապէս 50 տարիներու  վաստակ:

Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ձեռնադրութիւններ Եւ Կարօ Դերձակեանին
Յղուած
Հայրապետական Գիրի Ընթերցում

Դեկտեմբեր 9-ին Քոսթա Մեսայի Սուրբ Աստուածածին Հայց. եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ դպիրներու եւ սարկաւագի ձեռնադրութիւն, նաեւ` շղարշի օրհնութիւն:

Ձեռնադրութենէն ետք ծուխի հոգեւոր հովիւ Մուշեղ Ա. քհնյ. Թաշճեան կարդաց Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ տոքթ. Կարօ Դերձակեանին յղուած հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը, որով կաթողիկոսը կը դրուատէր Հայաստանի մէջ բժշկութեան արդիականացման աշխատանքներուն մէջ Դերձակեանին յատկանշական ներդրումները:

Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպան
Ճոն
ՀեֆըրնԿը Տեսակցի Ամերիկայի Արեւելեան Ափի
Ազգային
Ղեկավարութեան Հետ

Ամերիկահայ գաղութի համայնքային,  ժողովրդային թէ ղեկավարական շրջանակներու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի ունեցած հանդիպումներու ծիրին մէջ, 18 դեկտեմբերին Նիւ Եորք համալսարանի Յակոբ Գէորգեանի անուան  գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ վերջին հանդիպումը` Ամերիկայի Արեւելեան ափի ազգային կեանքին առաջնորդութիւն տուող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 15 կազմակերպութիւններ` ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՀԲԸՄ, Գարակէօզեան հիմնադրամ, Ամերիկայի հայ աւետարանչական միութիւն, Հայաստանի օգնութեան ֆոնտ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամ, Միջին Արեւելքի նպաստամատոյց, Ամերիկայի հայկական համագումար, Վարդանանց ասպետներ, Հայ դատի յանձնախումբ, Հայ փաստաբաններու միութիւն, ԹՄՄ, Համազգային:

Դեսպան Ճոն Հեֆըրն ծանրացաւ Հայաստանը Արեւմուտքին եւ անոր մօտիկ պահելու քաղաքականութեան ծրագրին մշակման վրայ`  հաստատելով, թէ «փրոթոգոլ»-ի համաձայնութիւնը նպաստած պիտի ըլլար Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան, միւս կողմէ` հաստատելով հանդերձ, որ Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի հարցը նախապայման բերելով` դժուարացուցած կ՛ըլլար այդ երկխօսութեան խաղաղ յառաջընթացին:

Ներկաները առաջադրեցին պետական մակարդակով ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան, մեր երկրի` Միացեալ Նահանգներու տնտեսական յաւելեալ օգնութիւնը եւ ներդրումները Հայաստանի Հանրապետութեան, հայ ժողովուրդին Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ վստահութեան ամրապնդման համար շօշափելի ձեռքբերումներ, Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու քաղաքական ներկայ կացութեան մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ընկերային եւ բարեսիրական օգնութիւններու կազմակերպում, Ազրպէյճանի նկատմամբ ցուցաբերել պատժական միջոցներ:

Ազգային Առաջնորդարանը Գունազարդ
«
Հայր Մեր»-ներ  Հրատարակեց
Երեք
Նուիրեալ Ազգայիններու Յիշատակին

Ազգ. առաջնորդարանը վերջերս լոյս ընծայեց  «Տէրունական աղօթք»-ի գունազարդ  պատկերներ` ի յիշատակ երեք նուիրեալ  ազգայիններու` Ալիս  Աւագեանի, Ռոզա Պեքարեանի եւ  Զուարթ Մովսէսեանի:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք.  Մարտիրոսեան  Ամանորի նախօրեակին հանդիպումներ ունեցաւ հանգուցեալներուն ընտանիքի անդամներուն հետ, օրհնեց մեզմէ առյաւէտ  բաժնուողներուն յիշատակը եւ յիշեալ  պատկերներէն շրջանակուած օրինակներ նուիրեց անոնց:

Նշենք, որ Ամանորի եւ  Ս. Ծննդեան  տօներուն առիթով այդ  պատկերներէն օրինակներ իբրեւ նուէր բաժնուեցան  ազգային վարժարաններու  տնօրէններուն, ուսուցիչներուն,  պաշտօնէութեան եւ աշակերտներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES