Լիբանանի Ազգային Գրադարանի Տնօրէնը Այցելեց Զմմառու Վանք
Երէկ` չորեքշաբթի, 16 յունուար 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու Տիրամօր վանքի նորաբաց մշակութային կեդրոնն ու ձեռագիր եւ հնատիպ մատեաններու ցուցահանդէսը այցելեցին Լիբանանի Ազգային գրադարանի (այժմ վերանորոգման ընթացքի մէջ) տնօրէն Ժիրայր Խաչերեան եւ պաշտօնէութենէն 20 հոգի:
Անոնք այցելեցին նաեւ վանքի թանգարան, մատենադարան եւ գինեմառան: Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը` վանքիս դահլիճին մէջ:
CATEGORIES Գաղութային