Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Նախամուսնական Արեան Քննութիւններու Կարեւորութիւնը» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 յունուար 2013-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նախամուսնական արեան քննութիւններու կարեւորութիւնը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ` տոքթ. Էլի Թաշճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ նախամուսնական արեան քննութիւնները շատ օգտակար ու կենսական են, եւ այս քննութիւններով է, որ ի յայտ պիտի գան վտանգաւոր փոխանցիկ հիւանդութիւններ, առողջապահական թերութիւնները սկիզբէն յայտնաբերելով կարելի կ՛ըլլայ դարմանել զանոնք:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ նախամուսնական քննութիւնները իրենց մէջ կը ներառեն արեան եւ Ֆիզիքական քննութիւններ: Լիբանանի կառավարութեան առողջութեան նախարարութիւնը ճշդած է նախամուսնական արեան քննութիւններու շարք մը, որ կարելի է խմբել երկու գլուխներու տակ.

1. Պարտադիր քննութիւններ
2.  Ոչ պարտադիր քննութիւններ

Վերոնշեալ քննութիւններուն նպատակը նախազգուշութիւնն է, եւ որեւէ պարագայի կարելի է դարմանել կամ կանխարգիլել հիւանդութիւնները: Դասախօսը նաեւ կարեւորութեամբ նշեց ազգակցական կապը, ուր տարբեր ժառանգական հիւանդութիւններ կրնան երեւան գալ` ունենալով իրենց ծանրակշիռ հետեւանքները:

Ան յաջորդաբար թուեց նախամուսնական քննութիւններու շարքը` հետեւեալ ձեւով.

1. Արեան ընդհանուր պատկերը. Այս քննութիւնները ցոյց կու տան արեան ընդհանուր պատկերը եւ արեան տկարութեան հետ առնչուած տարբեր հիւանդութիւններ, յատկապէս թալասեմիան: Թալասեմիան ժառանգականօրէն փոխանցուող արեան տկարութեան հիւանդութիւն մըն է, որ ընդհանրապէս տարածուած է Միջերկրական ծովու երկիրներուն մէջ:

Դասախօսը մանրամասն բացատրեց թալասեմիա հիւանդութիւնը եւ անոր հետեւանքները մարմինի տարբեր բաժիններուն եւ անդամներուն վրայ: Ի միջի այլոց Պեթա-թալասեմիա տարբերակը ընդհանրապէս տարածուած է Միջերկրականի երկիրներուն մէջ: Այս պարագային հիւանդը արտաքնապէս երբեք նշաններ ցոյց չի տար, բայց երբ ամուսնացող զոյգերը նոյն ատեն կ՛ունենան պեթա-թալասեմիա, իրենց զաւակները կրնան տառապիլ սուր տեսակի թալասիմիայէ:

2. Արեան խմբաւորումը. Տոքթ. Էլի Թաշճեան բացատրեց, թէ արեան տարբեր խմբաւորումները երբեք արգելք չեն ամուսնութեան, բայց արեան ենթախմբաւորումները, այսինքն` դրական եւ բացասական գործօնները ունին իրենց ազդեցութիւնը, յատկապէս մօր եւ նորածինի պարագային կարելի է վտանգ ստանալ: Հետեւաբար, այս պարագային անհրաժեշտ է, որ կիները նախքան ծննդաբերութիւն եւ անկէ ետք ստանան յատուկ սրսկում:

3. Սիտան. Ժահրի ճամբով փոխանցուող հիւանդութիւն մըն է, կը փոխանցուի երեք միջոցներով.

ա. Արեան
բ.  Սեռային
գ.  Յղի մօրմէն իր նորածինին

4. Դեղնախտի երկրորդ կամ Պ տարբերակը կը փոխանցուի երեք միջոցներով.-

ա.- Սեռային
բ.- Արեան
գ.- Յղի մօրմէն իր զաւկին կամ նորածինին

Այս տարբերակը քրոնիկ հիւանդութիւն մըն է, ունի իր բարդ հետեւանքները: Ապագային ենթական կրնայ ունենալ լեարդի սիրոզ եւ նաեւ քաղցկեղ:

Հետեւաբար, ամուսնացող զոյգերու պարագային, երբ վերոնշեալ պարագան կը յայտնուի, պատուաստումը անհրաժեշտ է:

Ոչ  պարտադիր նախամուսնական արեան քննութիւններու շարքը թուելով տոքթ. Էլի Թաշճեան նշեց հետեւեալները.

1. Թոքսոփլազմոսը մակաբոյծերու ընտանիքին կը պատկանի, վարակուող անհատը ընդհանրապէս որեւէ նշաններ ցոյց չի տար եւ կարելի է, որ ենթական շուտով շրջանցէ այս հանգրուանը: Յղի կնոջ պարագային կարելի է, որ նորածինի կազմաւորման շրջանին ունենայ իր ժխտական անդրադարձը յատկապէս նորածինի տեսողութեան վրայ: Փոխանցման միջոցը կատուի կամ շունի կղկղանքն է:

2. Գերմանական հարսանէթը. ժահրային հիւանդութիւններու շարքին եւ յատկապէս կնոջ յղութեան շրջանին կարեւոր հիւանդութիւն մըն է եւ պէտք է նկատի ունենալ զայն: Երբ կին մը յղութեան շրջանին վարակուի վերոնշեալ ժահրէն, ատիկա պիտի ազդէ կազմուող նորածինի անբնական մարմինի ձեւափոխումներուն վրայ:

Գերմանական հարսանէթի պարագային կայ նաեւ կարեւորութիւնը պատուաստին, որ ենթական մանկութեան շրջանին պէտք է ստացած ըլլայ:

Վերջին բաժինով տոքթ. Էլի Թաշճեան յիշեց սիՖիլիսը եւ թոքախտը, որոնք նաեւ նախամուսնական քննութիւններու պարագային նկատի պէտք է առնուին եւ անոնց շուրջ պատշաճ քննութիւններ կատարուին:

Աւարտին դասախօսը լսելով ներկաներուն հարցումները տուաւ համապատասխան լուսաբանութիւններ եւ օրինակներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )